(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Պապի Վրաստան եւ Ազրպէյճան առաքելական ճամբորդութեան առթիւ Տիեզերական Եկեղեցւոյ վիճակարգութեան կեդրոնը հրապարակեց երկու յիշեալ երկիրներու մէջ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ վիճակագրականը ։
31 դետկետեբ 2015-ի տուեալներու համաձայն , Վրաստանի բնակչութիւնը կը հաշուէ 4,506.000, իսկ կաթողիկէներու թիւն է 112.000 որոնց մեծամասնութիւնը Հայեր են։
Վրատանի եկեղեցական տարածքին մէջ հովուական առաքելութեամբ կը գործեն երկու եպիսկոպոսներ, 14 քահանաներ, 14 կղերականներ, 37 կրօնաւորուհիներ եւ 45 կրօնուսոյցներ։ Եկեղեցին կազմակերպուած է իր 32 ժողովրդապետութիւններով եւ զանազան բարեսիրական , առողջապահական եւ դաստիրակչական կառոյցներով։
Իսկ Ազրպէյճանի բնակչութեան թիւն է 8,600.000 որուն կաթողիկէ հաւատացեալներու թիւը 5,700 կազմուած արտերկրեայ աշխատաւորներէ։ Ատրպէյճանի հողին վրայ կը գործէ մէկ ժողովրդապետութիւն ուր կը ծառայեն 7 քահանաներ եւ 7 մայրապետներ։
All the contents on this site are copyrighted ©. |