2016-09-27 09:00:00

Մեր աչքերը բանանք Տիրոջ ներկայութեան առջեւ


«Ունեցողին պիտի տրուի առատօրէն, բայց չունեցողէն՝ անոր ունեցածն ալ պիտի առնուի:Ասոր համար անոնց կը խօսիմ առակներով, որովհետեւ կը նային, բայց չեն տեսներ, մտիկ կ՛ընեն՝ բայց չեն լսեր եւ չեն հասկնար» ( Մատթէոս 13:12 -13):

     Ով Տէր, կու գամ քեզի որպէս քու աշակերտդ եւ մանաւանդ քու մօտիկ բարեկամդ. կու գամ քու ներկայութեանդ որովհետեւ քեզի կը հաւատամ , կը յուսամ  եւ կը սիրեմ քեզ: Գիտես որ յաճախ դժուարութիւնը կ’ունենամ քեզի  լսելու եւ մանաւանդ քեզ հասկնալու, հաճիս բաց իմ աչքերս, ականջներս,սիրտս որպէսզի քեզ տեսնեմ, քեզ լսեմ, քեզ ընդունիմ հաւատքիս միջոցաւ:

   Շատեր կը զարմանան թէ ինչո՞ւ Յիսուս առակներով կը խօսէր։ Ան կ’ուզէր հասկցնել հրեաներուն որ կը նայէին առանց տեսնելու եւ կը լսէին առանց հասկնալու, հակառակ անոր որ  ի՛նքն է ճշմարիտ հովիւը որ ամէն ինչ կ՛ընէ եր բարիքին համար:  Յիսուս միշտ մեզմով կը զբաղի եւ մեր վրայ կը հսկէ առանց մեզի զգացնելու, սակայն մենք կը կեդրոնանանք առօրեայ յաճախ ժխտական զբաղումներու վրայ, կը կեդրոնանանք մանաւանդ այն յոռի մօտեցումներուն  եւ անձերուն վրայ, որոնք մեզ կը շրջապատեն։ Երբեմն դժուարութեամբ  կ’ուզենք մեր աչքերը բանալ Յիսուսի սիրոյն եւ մանաւանդ անոր ներկայութեան եւ այն մեծ հրաշքներուն վրայ զորս կ՛ընէ Ան  իւրաքանչիւրիս համար եւ ամենուրէք:

     Խնդրելու ենք Աստուծմէ որ մեզի օգնէ, ինչպէս օգնեց Իսրայէլի ժողովուրդին: Խնդրենք Ս. Կոյսէն որ օգնէ մեզի իրեն նման մտածելու, իր բարի սրտով ընդառաջէ մեր խնդրանքներուն  եւ Երիքովի կոյրին նման Յիսուսէն խնդրենք որ մեր տեսողութիւնն ալ վերադարձնէ:

     Յիսուսի մօտ կը գտնենք ճշմարիտ եւ միակ խօսքը  եւ սակայն մենք որպէս տկար մարդիկ՝ դժուարութիւն կ’ունենանք երբեմն զատորոշելու Յիսուսի հարազատ ձայնը որ  կը հնչէ  օրուան ընթացքին: Շատ ձայներ մեզ կը հետապնդեն,  զանազան ծանուցումներու միջոցաւ, Ինթըրնեթէն, մտահոգութիւն եւ վախ պատճառող ձայներ, շփոթեցնող խօսքեր, սակայն դուն ով Յիսուս  օգնէ որ լսեմ միայն  Աստուծոյ խօսքը որ ինծի կեանք կու տայ, զօրութիւն կու տայ: Արդեօք ինչպէ՞ս կարելի է Աստուծոյ ձայնը լսելի դարձնել մեր կեանքին մէջ:  Ս. Պատարագը մեզի համար կը մնայ ամենակարեւոր պահը մեր հոգեւոր կեանքին, երբ ուշադրութեամբ  հետեւինք քահանային խօսքին եւ Ս. Գիրքերուն, ինչպէս նաեւ երբ ուշադրութեամբ լսենք հոգեւոր յորդորները, երբ մաքուր սրտով երթանք ապաշխարութեան խորհուրդին՝ հաշտուելու համար Աստուծոյ եւ մեր բարեկամներուն հետ, երբ լռութեան մէջ փորձենք աւելի հասկնալ Աստուծոյ խօսքը եւ շնորհքը որ մեզի կու տայ ամէն օր:

     Շնորհակալ եմ, ով Տէր, այս պահուն համար ուր կը գտնուիմ քու հետդ. թող այս հանդիպումը չի վերջանայ, այլ կարենանք միշտ հոգեւոր յարաբերութեան մէջ մնալ, որպէս զի կարենամ իմ սիրտէս հեռացնել այն վախը, այն տարակոյսը եւ անհաւատութիւնը որոնք կը գրաւեն յաճախ իմ սիրտս: Ով Տէր, զիս մի լքեր այլ ուժ տուր ինծի որ կարենամ օրը գէթ մի քանի վայրկեաններ աղօթքով հաղորդակցութեան մէջ մնալ քեզի հետ, քեզ աւելի մօտէն ճանչնալու, սիրելու եւ հասկնալու համար։ Ամէն:

Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան








All the contents on this site are copyrighted ©.