2016-09-26 11:19:00

Մեքսիքօ. Առեւանգեալ Հայր Կուլլէն սպանուած է։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի, 25 սեպտեմբերին, Մեքսիքոյի Միչոաքան նահանգին մէջ, գտնուած է 53-ամեայ Հայր Խոզէ Ալֆրետօ Լոփեզ Կուիլլէնի դիակը, ոչ հեռու իր ժողովրդապետութենէն՝ սպանուած բարբարոսաբար։ Հայր Կուիլլէն առեւանգուած էր նախորդ Հինգշաբթի։ Մորելիայի Արքեպիսկոպոսը՝ Կարդինալ Ալպերթօ Սուարէզ Ինտա, երէկ հաստատած է քահանային մահը։

19 Սեպտեմբերին լուր հասած էր, որ երկու քահանաներ՝ Հայր Ալեխօ Նապորի եւ  Հայր Խոզէ Ալֆրետօ Խիմենեզ, բարբարոսաբար սպաննուած էին։ Քահանաներու սպանումը կատարուած է թմրանիւթի առեւտուրի շրջանակներու կողմէ, որովհետեւ յիշեալ երեք քահանաներն ալ դատապարտած էին անոնց արարքները։

Էնրիքէ Փենիա Նիեթոյի նախագահութեան շրջանին, 2012ի Դեկտեմբերէն սկսեալ, Մեքսիքոյի մէջ սպանուած են 15 քահանաներ եւ երկուքէ աւելի աշխարհականներ, որոնք հովուական աշխատանք կը կատարէին։ Ա´յլ երկու քահանաներ անհետացած են, եւ անոնց տեղը կը մնայ անյայտ. կարգապահութեան ուժերու կողմէ ոչ մէկ հետաքրքրութիւն կը տեսնուի զանոնք փնռելու։

Հայր Կուիլլէն, քահանայ ձեռնադրուած էր 2001 թուականին։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.