2016-09-26 15:04:00

Հաղորդագրութիւն Ֆրանչիսկոս Պապին Քոնկոյի նախագահին շնորհած ունկնդրութեան մասին


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրատարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ նշեց թէ այսօր` 26 սեպտեմբեր 2016-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաքելական պալատին մէջ ընդունեց Քոնկոյի հանրապետութեան նախագահ` Տիար Ժոզէֆ Քապիլան, որ ապա հանդիպում ունեցաւ Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար` գերապայծառ Փոլ Կալլակէրի հետ։

Սիրալիր խօսակցութիւններու ընթացքին, ընծուեցան Սուրբ Աթոռի եւ Քոնկոյի հանրապետութեան միջեւ տիրող բարի յարաբերութիւնները, յատուկէն անդրադառնալով Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ` երկրին ու անոր իշխանութիւններուն տուած սատարին, դաստիարակչական, ընկերային եւ առողջապահական, ասպարէզներէն ներս, ինչպէս նաեւ աղքատութիւնը վերացնելու հարցին մէջ։ Այս առնչութեամբ փոխադարձ գոհունակութիւն յայտնուեցաւ ի տես անցեալ 20 մայիս 2016-ին, Սուրբ Աթոռի եւ Քոնկոյի Հանրապետութեան միջեւ ստորագրուած պայմանագիրին։

Յատուկ անդրադարձ կտարուեցաւ ապա այն ծանր մարտահրաւէրներուն` զոր յառաջացած են  քաղաքական ներկայ իրավիճակէն եւ Մայրաքաղաքի մէջ կայացած ցոյցերուն։

Շեշտուեցաւ ապա համագործակցութեան կարեւորութիւնը` ընդմէջ Քաղաքական պատասխանատուներուն, քաղաքացիական իշխանութիւններուն ու կրօնական հասարակութիւններուն, ի սպաս հասարակաց բարիքին, յարգալիր ու ներառնող երկխօսութեան միջոցաւ, երկրի կայունութեան ու խաղաղութեան ի խնդիր։

Ի վերջոյ անդրադարձ կատարուեցաւ այն յարատեւ բռնութիւններուն որոնց թիրախ է երկրին Արեւելեան շրջանի բնակչութիւնը, ու ընդգծուեցաւ ազգային ու միջազգային գետնի վրայ հրատապ համագործակցութեան կարեւորութիւնը օգնութեան հասնելու բնակչութեան ու վերահաստատելու քաղաքակիրթ համակեցութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.