2016-09-26 10:25:00

Ամմանի մէջ սպաննուեցաւ լրագրող Նահետ Հաթթարը


Յորդանանցի լրագրող Նահետ Հաթթար, որ ամբաստանուած էր Դիմատետրի իր էջին վրայ Աստուած ներկայացնող երգիծանկար մը տեղադրելով իսլամութիւնը վարկաբեկելու յանցանքով, երէկ սպաննուեցաւ:

Հաթթար, որ քրիստոնեայ է, գլխէն երեք փամփուշտ ստացաւ Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ գտնուող դատարանի մը առջեւ, ուր տեղի կ՛ունենար իր դատը:

Յորդանանի պետական «Փեթրա» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ոճրագործը ձերբակալուած է: Յորդանանցի գրող Տարղամ Հալսա «Մայատին»-ին հերքեց, թէ ոճրագործը արտասահմանէն եկած է` նշելով, որ ան սալաֆական մըն է եւ Ամմանի աղքատիկ թաղամասերու բնակիչներէն է:

Դիմատետրի իր էջին վրայ զետեղած Հաթթարի ծաղրանկարը կը ներկայացնէր մօրուքաւոր մարդ մը, որ անկողինին մէջ է երկու կիներու հետ, ծխախոտ կը ծխէ եւ Աստուծմէ կը խնդրէ իրեն ոգելից ըմպելի բերել: Հաթթար ընկերային ցանցին վրայ քննադատական արշաւի մը ենթարկուեցաւ` հակաիսլամ ըլլալու յանցանքով:

Ան յայտնեց, որ չէր ուզեր վիրաւորել, այլ մերկացնել ծայրայեղական իսլամականներու դրախտի պատկերացումը: Սակայն իշխանութիւնները յայտնեցին, որ նշեալ երգիծանկարը Դիմատետրի իր էջին վրայ տեղադրելով` ան օրէնքը խախտած է:

Յորդանանի տեղեկատուութեան նախարար եւ կառավարութեան բանբեր Մոհամետ Մումնի դատապարտելէ ետք Հաթթարի սպանութիւնը յայտարարեց, որ անոր վրայ բարձրացած ձեռքը պիտի ստանայ իր արդար պատիժը, որպէսզի դաս ըլլայ բոլոր անոնց, որոնք կը մտածեն այսպիսի ոճիր մը գործել:

Ըստ «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին, Յորդանանի կառավարութիւնը աւելի ուշ հրաժարած է:








All the contents on this site are copyrighted ©.