2016-09-25 11:02:00

Ֆրանչիսկոս Պապ կրօնուսոյցներուն. ''Վկայեցէք Յարուցեալ Քրիստոսը։ Սիրեցէք զիրար''։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 25 սեպտեմբեր 2016-ին, Ողորմութեան արտակարգ Յոբելենական  տարուայ առթիւ, նշուեցաւ կրօնուսոյցներու ողորմութեան Յոբելեանը,  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ նախագահած սուրբ պատարագի արարողութեամբ, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին աշխարհի զանազան վայրերէն ժամանած հազարաւոր կրօնուսոյցներ։

Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած  քարոզին մէջ Սրբազան Քահանայապետը մեկնաբանեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումները որոնցմէ առաջինը քաղուած էր Պօղոս Առաքեալի Տիմոթէոսի ուղղած  առաջին նամակէն, որուն մէջ Առաքեալը կը խնդրէ ''պահել պատուիրանը անաղարտ ու անբիծ'' (Ա Տիմոթէոս 6,14)։

Սուրբ Պօղոս կը խօսի պարզապէս ''պատուիրանի'' մը մասին, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, որով մեզի կ՛ուզէ բացայայտել հաւատքին կեդրոնն ու սիրտը` ''Յիսուս Քրիստոսս Յարութին առաւ, Յիսուս մեր Տէրը քեզ կը սիրէ, ու քեզի համար իր կեանքը տուաւ։ Յարուցեալ ու կենդանի է եւ քու մօտդ է ու քեզ կը սպասէ ամէն օր''։ 

Կրօնուսոյցներու այս Յոբելեանի առթիւ մեզմէ կը խնդրուի երբեք չյոգնիլ առաջնահերթութիւն համարելու հաւատքի հիմնական  աւետիսը` ''Տէրը Յարութիւն առաւ'', ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ընդգծելով թէ մենք կանչուած ենք ապրելու եւ հռչակելու Տիրոջ սիրոյ այս նորութիւնը` ''Յիսուս քեզ կը սիրէ այնպէս ինչպէս որ ես։ Տեղ տրամադրէ Անոր` հակառակ կեանքի վէրքերուն ու յուսախաբութիւններուն, առիթ ընծայէ Անոր քեզ սիրելու։ Յուսախաբ պիտի չի թողու քեզ''։ 

''Պատուիրանը'' որուն մասին կը խօսի սուրբ Պօղոս մտաբերել կու տայ Յիսուսի նոր պատուիրակը ''իրար սիրեցէք ինչպէս ես ձեզ սիրեցի'' (Յովհ 15,12)։ Սիրելով է որ կը հռչակուի թէ Աստուած Սէր է։  Եւ Աստուած կը հռչակուի մարդոց հետ հանդիպելով. Ուշադրութիւն դարձնելով անոնց պատմութեան ու անոնց ուղեւորութեան. Որովհետեւ Տէրը լոկ գաղափար մը չէ` այլ կենդանի անձ մըն է ու անոր պատգամը կը յայտնուի պարզ վկայութեան միջոցաւ, ունկնդրութեան ու հիւրընկալութեան միջոցաւ եւ ճառագայթող ուրախութեան միջոցաւ, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, հրաւիրելով հռչակել յոյսի Աստուածը ապրելով եղբայրսիրութեան աւետարանը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ակնարկեց օրուան Աւետարանական հատուածին քաղուած Ղուկասի աւետարանէն (Գլ 16, 20) ուր կը խօսուի աղքատ Ղազարոսի ու հարուստ մարդու առակի մասին։

Հարուստ մարդ մը կար, կը հագնէր բեհեզ ու ծիրանի եւ ամէն օր ճոխ խնջոյքներ կը սարքեր։ Ղազարոս անունով աղքատ մըն ալ, մարմինը վէրքերով, կը պառկէր անոր դրան առջեւ։ Կը ցանկար կշտանալ հարուստին սեղանէն ինկած փշրանքներով։

Այդ հարուստ մարդը իրականութեան մէջ չարիք չի գործեր, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, սակայն ունէր Ղազարոսէն աւելի քէշ կամազրկութիւն մը, ան կը տառապէր կուրութենէն, որովհետեւ կարող չէր նայիլ իր աշխարհէն անդին, իր տան դուռէն անդին` ուր կը պառկէր Ղազարոսը։ Անոր սրտին մէջ մտած էր աշխարհիկ հոգին ու զայն դարձուցած էր  անզգայ։ Աշխարհիկ հոգին արդարեւ կը մռայլէ սէրը, որովհետեւ ամէն ինչ կը վերածէ ''ես''ի։ Ով որ այս տեսակի կուրութեան մէջ է ''շիլ'' նայուածք ունի ու յարգանքով կը նայի հռչակաւոր անձնաւորութիւններու մինչ իր աչքերը կը շեղէ այսօրուայ շատ մը Ղազարոսներէ, աղքատներէ ու տառապողներէ, որոնք Տիրոջ սիրեցեալներն են։ Ղազարոսը միակ անձնաւորութիւնն է, Յիսուսի առակներուն մէջ, որ ունի անուն մը եւ որ կը նշանակէ ''Աստուած օգնական է''։ Աստուած արդարեւ զինք չի մոռնար ու զայն կ՛ընկալէ իր Արքայութեան մէջ մինչ հարուստ մարդը, նոյնիսկ անուն մը չունի, անոր կեանքը անիմաստ է։ Անոր մէջ ամէն ինչ կարիք եւ իրաւունք կը պահանջէ։ Նոյնիսկ երբ կը մեռնի օգնութիւն կ՛ակնկալէ։ Ան ապրեցաւ իրեն համար ու պատմութիւնը չի կերտեց։ Մոռացութեան մատնուած է։ Մինչ Քրիստոնեան ըլլալու է պատմութեան կերտիչ, յարեց Սրբազան Քահանայապետը զգուշացնելով ''անտարբերութեան մշակոյթէն''։

Մենք  որպէս Յիսուսի Խօսքին ծառաներ կանչուած ենք չփնտռել փառք ու  արտաքին երեւոյթներ։ Ու Չենք կրնար ըլլալ տխուր կամ ողբացողներ։ Այն որ Յիսուսի Յոյսը կը հռչակէ ուրախութիւն կը սփռէ ու կը նայի չարէն ու խնդիրներէն անդին։ Ան ապա կը տեսնէ նաեւ մօտիկը` որովհետեւ ուշադիր է մերձաւորին կարիքներուն։

Տէրը այսօր մեզմէ կը խնդրէ, ի տես այսօրուայ բազմաթիւ Ղազարոսներուն, մենք մեզ հարցադրելու ու որոնելու հանդիպման եւ օգնութեան ուղիներ առանց այս մէկը թողելով ուրիշներուն ու մտածելով ''վաղը քեզ կ՛օգնեմ''։

Օգնելու յատկացուած ժամանակը նուիրուած է Յիսուսին եւ մնայուն սէր է, երկնքի թագաւորութեան համար գանձն է, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը քարոզի աւարտին, հայցելով Յիսուսին շնորհքը որպէսզի մեզի պարգեւէ ուժ` ապրելու եւ հռչակելու սիրոյ պատուիրանը, յաղթահարելով աշխարհիկութեան տխրութիւնն ու կուրութիւնը։ Ան թող մեզ զգայուն դարձնէ աղքատներու նկատմամբ որոնք Աւետարանի յաւելուածը չեն այլ Անոր կեդրոնական էջն են որ միշտ բաց է մեր առջեւ։  








All the contents on this site are copyrighted ©.