2016-09-25 09:44:00

Վարագայ Սուրբ Խաչ. Վարագ լեռներու բարձունքներուն վրայ Սուրբ Խաչի երեւման տօնը։


Վարագայ Սուրբ Խաչ Ամէն տարի Սուրբ Գէորգին յաջորդող Կիրակին, որ միշտ Սեպտեմբեր 28-ի ամենէն մօտ Կիրակին է, Հայաստանեայց Եկեղեցին կը նշէ խաչին նուիրուած Վարագայ Ս. խաչի տօնը: Այս տօնը կը վերագրուի Ս. խաչի երեւման Վարագ լեռներու բարձունքներուն վրայ կառուցուած վանքին մէջ: Ըստ աւանդութեան, Ս. Հռիփսիմէն այդ տեղ պահեր է իր վիզի խաչը: Հոն, շուրջ 653 թուականին, երկու ճգնաւորներ, Յովէլ եւ Թոդիկ, տեսիլք մը կ'ունենան ուր հրաշալի լուսաւորութիւն մը զիրենք կ’առաջնորդէ դէպի Վանի Վարագ լեռներ ուր լուսաւորութիւնը կը կեդրոնանայ ու ի յայտ կու գայ՝ խաչ մը: Վարագավանք Կը գտնուի Վան քաղաքին հարաւ-արեւելեան կողմը, Վարագ լերան արեւմտեան լանջին: 653-ին երբ յայտնի կը դառնայ Վարագայ Ս. Խաչի «Նշան»ի տեղը, Ներսէս Գ. կաթողիկոս Տայեցին, կը կառուցէ Ս. Նշան եկեղեցին եւ կը հաստատէ Վարագայ Ս. Խաչի տօնը: 870-ին արաբները կը գրաւեն Վարագավանքը, սակայն շատ չանցած Աշոտ Արծրունի իշխանը կ’ազատագրէ  զայն:

1857-ին Վարագավանքի վանահայր կը նշանակուի Խրիմեան Հայրիկը «Մկրտիչ Ա. Խրիմեան Վանեցի»: 1915-էն ի վեր լքուած է եւ ներկայիս աւերակ վիճակի մէջ կը գտնուի:








All the contents on this site are copyrighted ©.