2016-09-24 12:17:00

Ֆրանչիսկսո Պապ հանդիպեցաւ Նիս Քաղաքի ահաբեկչական արարքի զոհերու հարազատներուն հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 24 սեպտեմբեր 2016-ին, Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի մէջ ընդունեց վերջերս Ֆրանսայի Նիս քաղաքը հարուածող ահաբեկչական գործողութեան զոհերու ընտանեկան պարագաները։

Ֆրանչիսկոս Պապ   արտայայտելով  իր մեծ յուզմունքը եւ  ուրախութիւնը զիրենք ընդունելու համար, ըսաւ՝  ՝՝դուք որ կը տառապիք ձեր մարմնին եւ հոգիին մէջ,  որովհետեւ երեկոյ մը , բռնութիւնը  կոյրօրէն հարուածեց ձեզի եւ ձեր սիրելիները։  Ձեզի իւրաքանչիւրիդ կ՝ապահովցնեմ իմ մօտիկութիւնս ու աղօթքը, եւ Երկնաւոր Հօրմէ կը հայցեմ որ  ընդունի  Նիս քաղաքին  զոհերը եւ անոնց պարգեւէ հոգիի խաղաղութիւն եւ յաւիտենական կեանքի ուրախութիւնը։ Մեզի՝ քրիստոսնեաներուս համար,  մահացեալ եւ յարուցեալ Յիսուս Քրիստոսը՝ յոյսի հիմքն է ։

Սրբազան Հայրը ապահովցուց նաեւ իր աղօթքը վիրաւորներուն համար, նկատել տալով որ Եկեղեցին  միշտ նեցուկ կը կանգնի եւ մեծ կարեկցութեամբ կ՝ընկերանայ  անոնց։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն անձերուն, որոնք անմիջապէս օգնութեան հասան ահաբեկչութեան զոհ գացած անմեղներուն, ըսելով՝ “Նիս քաղաքի ողբերգութիւնը ամենուրէք հարուցանեց նշանակելի աջակցութեան եւ ընկերակցութեան ժեսթեր։

Ասոնց շարքին, Կաթողիկէ հասարակութիւնն ու անոնց առաջնորդը Գերապայծառ Անտրէ  Մարսօ, ինչպէս նաեւ զանազան  ըներակցութիւներ յատկապէս  Alpes-Maritimes Fraternité ընկերակցութիւնը, որ իր մէջ կը ներփակէ զանազան դաւանաքներու ներկայացուցիչներ։Այս կապակցութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապ իր խնդակցութիւնը յայտնեց ըսելով որ անիկա յոյսի շատ գեղեցիկ նշան մըն է,  բարձր արժեւորելով միջ-կրօնական յարաբերութիւնները, նկատել տալով, որ անոնք կ՝ամոքեն ողբեգութիւններու վէրքերը։

 Սրբազան հայրը շեշտեց անկեղծ երկխօսութեան եւ բոլորին հետ եղբայրական կապերու հրամայականը, յատկապէս միաստուածութիւն եւ Ողորմած Աստուած դաւանող հաւատացելաներուն միջեւ։ Այս մէկը իրականացնելու համար, Ֆրանչիսկոս Պապ  շտապ ու  առաջնկարգ նկատեց քաղաքական եւ կրօնական մարզերէն ներս բոլոր  պատասխանատուներու դերակատարութիւնը։

Ան զգուշացուց ատելութիւնը ատելութեամբ  համապատասխանելու, ինչպէս նաեւ բռնութեան՝ բռնութեամբ հակազդելու երեւոյթէն։ Անհրաժեշտ նկատեց  սրտի հարազատ դարձն ու ապաշխարութիւնը, որ  Յիսուսի աւետարանի պատգամն է՝  հասցէագրուած բոլորին։ Կարելի է հակադրել սատանային գործերուն լոկ Աստուծոյ արարքներով, այսինքն՝  ներում, սէր եւ յարգանք մերձաւորին հանդէպ, նոյնիկս եթէ ան տարբեր  է մեզմէ։

Ֆրանչիսկոս Պապ, Նիս Քաղաքի ահաբեկչական գործողութեան զոհերու հարազատներու ուղղած ճառը աւարտեց, դարձեալ ապահովցնելով անոնց իր աղօթքը, ինչպէս նաեւ Սուրբ Պետրոսի յաջորդի գորովը, որպէսզի կառուցուի արդար , խաղաղ եւ եղբայրական ընկերութիւն մը։ Որպէս նշան իր աջակցութեան՝ իւրաքանչիւրին համար հայցեց Տիրամօր Սուրբ Կոյս Մարիամի օգնութիւնը, ինչպէս նեաւ երկնային առատ օրհնութիւնները։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.