2016-09-24 12:11:00

Սուրբ Աթոռը կը մասնակցի ՄԱԿի հակա-կաշառակերութեան պայմանադրութեան։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Պապի որոշումով, Սուրբ Աթոռը, նաեւ Վատիկանի Պետութեան անունով, կը միանայ ՄԱԿի հակա-կաշառակերութեան պայմանադրութեան, որ կը կոչուի Մերիտայի Պայմանադրութիւն (Մեքսիքոյի Մերիտա քաղաքի անունով)։ Տարւոյս 19 սեպտեմբերին, Վատիկանի Պետական Քարտուղար՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլիին, ՄԱԿի գլխաւոր նիստին մէջ, Նիւ Եորք, յանձնած է յիշեալ պայմանադրութեան յարումի պաշտօնագիրը՝ Սուրբ Աթոռի եւ Վատիկանի Պետութեան անունով։

Օսսերվաթորէ Ռոմանոյի մէջ լոյս տեսած յօդուածի մը մէջ, Գերապայծառ Կալլակըր, Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարութենէն, կը յիշեցնէ, թէ Ֆրանչիսկոս Պապ կը դատապարտէ կաշառակերութիւնը, որպէս ընկերութեան համաճարակ, եւ կոչ կ’ուղղէ պայքարելու անոր դէմ։ Ասոր համար Սուրբ Աթոռը կը միանայ միջազգային հեղինակաւոր յարաչափերու՝ կանխարգիլելու համար կաշառակերութիւնը, ըլլայ հասարակական պաշտօնէութիւններու մէջ եւ կամ տնտեսութեան մարզէն ներս։ Գերապայծառ Կալլակըր կը յիշէ, թէ այսպէս կոչուած Մերիտայի Պայմանադրութիւնը “տիեզերական գլխաւոր միջոցն է, կանխարգիլելու եւ հակազդելու հասարակական պաշտօնէութիւններու մարզէն ներս կատարուած յանցագործութիւններուն։”

Յատկապէս, այն պետութիւնները, որոնք վաւերացուցած են Պայմանադրութիւնը, պարտականութիւն ունին “հետամուտ ըլլալու եւ պատժելու” կաշառակերութեան ամէն տեսակ, “ըլլայ ան գործնական կամ կրաւորական”, նախատեսելու “մանրամասն կարգաւորող կառոյց մը, դիւրացնելու դատական աջակցութիւնը մասնակից պետութիւններու միջեւ՝ արտայանձնումի, դատական յանձնարարութիւններու, ապօրէն կերպով ձեռք բերուած ստացուածքներու վերականգնումի, թեքնիք աջակցութեան եւ տեղեկութիւններու փոխանակումի միջոցաւ։”

Գերապայծառ Կալլակըր նկատած է, թէ հարկաւոր է, որ ապագային, Սուրբ Աթոռի եւ Վատիկանի Պետութեան պաշտօնէութիւնները վերատեսեն իրենց վարչական ընթացակարգերը՝ յիշեալ պայմանադրութեան հիման վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.