2016-09-24 11:54:00

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասնակցութիւնը Ասսիզիի խաղաղութեան համագումարին


Յանուն Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան, 18-20 սեպտեմբեր 2016-ին, մասնակցեցաւ «Ծարաւ խաղաղութեան համար» միջազգային  համագումարին, կազմակերպուած` Ումպրիայի եպիսկոպոսաց Ժողովին, Ասիզիի առաջնորդարանին, Ֆրանսիսքան միաբանութեան, Սենթ Էճիտիօ համայնքին եւ Ասիզիի քաղաքապետարանին համագործակցութեամբ:

Կիրակի առաւօտ քաղաքի Ս. Ֆրանչիսկոս տաճարին մէջ տեղի ունեցած յատուկ արարողութեան եւ Ս. պատարագի ընթացքին, Շահան արքեպիսկոպոս իր մասնակցութիւնը բերաւ ֆրանսերէնով արտասանուած աղօթքի մը` Հալէպի ու Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան վերահաստատման նուիրուած: Նոյն օրը երեկոյեան տեղի ունեցաւ պաշտօնական բացումը համագումարին:

Յաջորդ երկու օրերուն ընթացքին, փոքր խումբերու միջոցով մասնագիտական զանազան նիւթեր քննարկուեցան աշխարհի տարբեր շրջաններու մէջ տեղի ունեցող պատերազմական գործողութիւնները կամ տագնապները եւ կատարուող խաղաղութեան նախաձեռնութիւնները` քաղաքական թէ կրօնական, ինչպէս նաեւ` մարդկութեան դիմագրաւած դժուարութիւններն ու ձեռք բերուած արդիւնքները:

Շահան սրբազան իր խօսքը արտասանեց անգլերէնով, ուր նախ վեհափառ հայրապետին ողջոյնը եւ բարեմաղթութիւնը փոխանցեց ներկաներուն: Ան ընդգծեց «Փրկենք Հալէպը» կոչին առնչութեամբ ճշմարտութեան յայտնաբերման կարեւորութիւնը, երկխօսութեան հիմնական նշանակութիւնը խաղաղութեան վերականգնման ճանապարհին վրայ եւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի աղօթքներու ընթերցումով խաղաղութեան վերականգնում մաղթեց մարդկութեան ներկայ կեանքին մէջ:

Ֆրանչիսկոս պապին հովանաւորութեամբ ու ներկայութեամբ համագումարի փակման ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Ասիզի քաղաքի մայր հրապարակին վրայ: Սրբազան հայրը առիթը ունեցաւ պապին փոխանցելու Արամ Ա. կաթողիկոսի եղբայրական ողջոյնները, ինչպէս նաեւ պաշտօնական ճաշին գտնուեցաւ սրբազան քահանայապետին սեղանին վրայ: Աւարտին տեղի ունեցան աշխարհի մէջ խաղաղութեան հաստատման նուիրուած հաւաքական աղօթք, կրօններու պետերու ողջոյնի խօսքերու ու պատգամներու ընթերցում, պաշտօնական հաղորդագրութեան հրապարակում եւ խորհրդանշական մոմավառութիւն` յատկապէս Սուրիոյ եւ Հալէպի համար:

Սրբազան հայրը Անթիլիաս վերադարձին վեհափառ հայրապետին զեկուցեց խաղաղութեան նուիրուած համագումարին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բերած մասնակցութեան մասին:

Քաղուած Ազդակէն

 








All the contents on this site are copyrighted ©.