2016-09-24 09:53:00

Հայր Էնկելմար Ունցայթիկը Երանելի կը հռչակուի ։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 24 սեպտեմբեր, 2016-ին, Գերմանիոյ Վիւրցպուրկ քաղաքին մէջ Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ՝ կարդինալ Անճելօ Ամաթօ, Սուրբ Պատարագի զոհի արարողութեամբ  երանելի կը հռչակէ ՝՝Մարիանհիլլ՝՝անուան միաբանութեան քահանայ՝ Հայր Էնկելմար Ունցայթիկը։ Հայր Էնկելմար ծնած է 1911-ին՝ Չեխիոյ  մէջ։ 18 տարեկանին մտած է նորընծայարան  եւ 28 տարեկանին ձեռնադրուած է քահանայ ընտրելով որպէս  քահանայական ձեռնադրութեան նշանաբան. ՝՝Եթէ ուրիշ մէկը չ՝ուզեր երթալ,  ես պիտի երթամ՝՝։

Նացիներու տիրապետութեան շրջանին,  Հայր  Էնկելմար հաւատացեալներուն միշտ քաջալերած է կառչած մնալ իրենց հաւատքին, եւ դիմագրաւել   ժամանակակից քաղաքական համակարգի սուտերը ։ Այս պատճառաւ, երկու տարի ետք, ան  բանտարկութեան կ՝ենթարկուի համակենդրոնացման ճամբարին մէջ, ուր 1938-1945 երկարող տարիներուն,   կը բանտարկուին 2579 կաթողիկէ կղերականներ,   Աւետարանական եւ Օրթոտոքս եկեղեցիներու  141 հովիւներ։   2579 կղերականներուն 1034-՝ը    բանտին մէջ մահանալուն պատճառաւ,  բանտը նկատուած է  կաթողիկէ քահանաներուն ամենէն մեծ գերեզմանը։ Կարենալ օգնելու համար արեւելեան Եւրոպայի բանտարկեալներու, ՝Տախաու՝՝ համակենդրոնացման ճամբարին մէջ Հայր Էնկելմար կը սորվի  ռուսերէն լեզուն։

1944 -45 ձմրան, Տախաուի բանտին մէջ կը տարածուի թիֆոյիտի հիւանդութիւնը   եւ հազարաւոր  բանտարկեալներ  կը վարակուին  այս հիւանդութենէն։ Նացիներու պատասխանատուները   հիւանդ բանտարկեալները կը լքեն իրեց ճակատագրին։  Այնուհետեւ   Հայր Էնկելմար Ունցայթիկ,  ընկերակցութեամբ  10 քահանաներու,  կը լուծուի բանտարկեալները բուժելու գործին՝ գիտակցելով հանդերձ հիւանդութեան բոլոր վտանգներուն։ Այս առիթով Հայր Ունցայթիկ գրած է նամակը մ, որուն մէջ նշած է հետեւեալը՝ «Ինչ որ կատարենք, ինչ որ ուզենք,  լոկ շնորհք  մըն է, որ մեզ կ՝առաջնորդէ ու կը փոխադրէ։ Ամենակալ Աստուծոյ շնորհքը մեզի կ՝օգնէ գերազանցելու համար որեւէ խոչընդոտ։ Սէրը կը կրկնապատկէ մեր ուժականութիւնը , մեզ ուրախ եւ ազատ կը դարձնէ։» Ի վերջոյ Հայր Ունցայթիկ եւս կը վարակուի թիֆոյիտի  հիւանդութենէն եւ հոգին  կ՝աւանդէ 2 մարտ 1945-ին։ Քիչ ժամանակէ մը վերջ ամերիկացիները կ՝ազատագրեն  Տախաուի բանտարկեալները։ 2009-ին Բենեդիկտոս ԺԶ. Վաստակաւոր Քահանայապետ, Հայր Ունցայթիկը  կը հռչակէ  Աստուծոյ ծառայ ։ Ապա՝ 21 յունուար 2016-ին Ֆրանչիսկոս Պապ կը ստորագրէ Հայր Ունցայթիկի երանացման հրամանագիրը ։ Արժանի է յիշել,  որ Հայր Ունցայթիկ   մեծ   խնամք կը տանէր հիւանդ բանտարկեալներուն. ասոր համար անուանուած էր    Սուրբ եւ Տախաու բանտի հրեշտակը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.