2016-09-23 08:40:00

Փիեթրելչինայի Սուրբ Փիոյի յիշատակի հանդիսութիւն։


(Ռատիօ Վատիկան) Փիեթրելչինայի Սուրբ Փիօ, ճանչցուած պարզապէս իբր Փատրէ Փիօ, ծնած է 25 Մայիս 1887ին, Սան Ճովաննի Ռոթոնտոյի մէջ, եւ մահացած է 23 Սեպտեմբեր 1968ին։ Քահանայ եւ անդամ Քափուչինեան միաբանութեան։ Սրբադասումը կատարած է Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետ, 16 Յունիս 2002 թուականին։

Ուրբաթ, 23 Սեպտեմբեր 2016-ին, Սան Ճովաննի Ռոթոնտոյի մէջ, Փատրէ Փիոյի ծիսական տօնին առթիւ­, Սուրբ Փիոյի մարմինը հրապարակային մեծարման պիտի տրամադրուի՝ սուրբի անուան նուիրուած եկեղեցւոյ մէջ։ Այնտեղ առաւօտեան ժամը 11ին Սուրբ Պատարագ կը մատուցուի, նախագահութեամբ Կարդինալ Անճելօ Պանիասքոյի, Արքեպիսկոպոս Ճենովայի եւ նախագահ Իտալիոյ Եպիսկոպոսական Ժողովին։

Երեկոյեան ժամը 18ին, հանդիսական Պատարագ պիտի մատուցանէ Գերապայծառ Միքելէ Քասթորօ, Արքեպիսկոպոս Մանֆրետոնեա-Վիեսթեյի, եւ Սան Ճովաննի Ռոթոնտոյի, ընդհանուր տնօրէն «Փատրէ Փիօ» Աղօթքի Խմբակներուն, եւ նախագահ «Տառապանքի Սփոփման Տան»։ Սուրբ Պատարագէն ետք, Սուրբ Փիոյի մարմինը վերստին պիտի տեղադրուի ստորայարկի եկեղեցւոյ մէջ, ուր ան կը մեծարուի 19 Ապրիլ 2010 թուականէն սկսեալ։ Այս արարողութեան աւարտին, Սուրբ Փիոյի արձանով թափոր պիտի կատարուի քաղաքին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.