2016-09-23 08:43:00

Երուսաղէմի Լատին Պատրիարքութեան նորանշանակ Առաքելական Կառավարիչը ստանձնեց իր պաշտօնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Գերապայծառ Փիերպաթթիսթա Փիցցապալլա, Երուսաղէմի Լատին Պատրիարքութեան նոր առաքելական կառավարիչը, Չորեքշաբթի, 21 Սեպտեմբերին, պաշտօնապէս մուտք գործած է Երուսաղէմ քաղաքի մէջ։

Այս առիթով Գերապայծառ Փիցցապալլա իր խօսքին մէջ ակնարկած է իր պաշտօնի դժուարութեան։ Նկատած է, թէ բոլոր ուրախութիւններու կողքին, որ իր պաշտօնը իրեն կʼընձեռէ՝ ան ապահովաբար պիտի գտնուի խնդիրներու, տառապանքներու եւ բաժանումի դիմաց։ Երուսաղէմի մէջ, առաւել քան Սուրբ Երկրի տարածքին, բաժանումները անպակաս են։ Ծանր կը կշռեն այդ բաժանումները եւ վէրքեր կը բանան մեր առօրեայ կեանքին մէջ։ Փիցցապալլա, որ կը գտնուի Երուսաղէմ 2004 թուականէն սկսեալ, քաջատեղեակ է Սուրբ Երկրի հարցերուն եւ խնդիրներուն։

Իր խօսքին մէջ ան նաեւ անդրադարձած է երկրի ընկերային եւ քաղաքական հարցերուն։ Գերապայծառը ամենէն աւելի ցաւալի կը նկատէ Եկեղեցիներու միջեւ եղած բաժանումները, յիշեցնելով, թէ սատանան բաժանումի հայրն է։ Բաժանումի խնդրին պատասխանը մէկ է Փիցցապալլայի համար՝ «Ըլլալ Եկեղեցի, այսինքն ըլլալ միութեան վկայ՝ տիրող պառակտումին եւ բաժանումին մէջ։» Փիցցապալլա կոչ ուղղած է Ուղղափառ Յոյներու Պատրիարքին՝ համագործակցելու միութենականութեան համար եւ ներդաշնակութեամբ։ Վերջապէս ան եզրափակած է, ըսելով՝ «չենք կրնար մենք մեզի թոյլատրել, աշխարհին երկխօսութեան դասեր տալ, եթէ մեր միջեւ կը տիրէ բաժանում եւ անվստահութիւն։ Պարտական ենք եւ կʼուզենք ըլլալ կեանքի մը մասնագէտները, որ կու գայ խաչէն, որ չի հաշտուիր մահուան հետ, այլ կը յաղթէ անոր՝ սիրոյ միջոցաւ։»








All the contents on this site are copyrighted ©.