2016-09-22 12:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապի խօսքը Լրագրողներու Դասի ազգային Ժողովի անդամներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 22 սեպտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաքելական պալատին մէջ ընդունեց Լրագրողներու Դասի ազգային Ժողվի անդամները ու այս առթիւ անոնց արտասանած ճառին մէջ ըսաւ.

“Քիչ մասնագիտութիւններ կան, նման լրագրութեան, որոնք մեծ ազդեցութիւն ունին ընկերութեան վրայ։ Լրագրողը արդարեւ մեծ կարեւոր եւ միաժամանակ պատասխանատու դեր մը կը խաղայ։ Դուք կը գրէք պատմութեան առաջին նախագիծը... ժամանակները կը փոխուին, կը փոխուի նաեւ թղթակցութեան կերպը։ Նկատի առնելով հաղորդակցութեան նոր էլեկտրոնային միջոցները՝ ըլլա´յ տպուած թուղթը եւ կամ հեռատեսիլը կը կորսնցնեն իրենց այժմէականութիւնը, սակայն լրագրողները, եթէ ունին մասնագիտութիւնը կամ մտարուեստութիւնը, կը մնան սիւներ եւ հիմնական տարր մը ազատ եւ բազմազան ընկերութեան մը կենսունակութեան''։

Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով թէ ''Սուրբ Աթոռը եւս ապրած է եւ կ’ապրի հաղորդակցութեան կառոյցի վերանորոգումի ընթացք մը, որմէ նաեւ լրագրողները պէտք է օգտուին'' հաստատեց թէ ''հաղորդակցութեան քարտուղարութիւնը'' բնական ուղենիշը դառնալու է'' լրագրողներու թանկարժէք աշխատանքին։

Ապա՝ Սրբազան Հայրը նշեց, թէ նաեւ թղթակիցներու համար կարեւոր են ամփոփումի եւ խոկումի պահեր, որպէսզի աւելի խոր կերպով մտածեն իրենց կոչումի եւ պատասխանատուութեան մասին։ Թէեւ, նկատել տուաւ Սրբազան Պապը, թէ լրագրութեան աշխարհին մէջ այս մէկը դժուարաւ կարելի է իրագործել, տրուած ըլլալով որ այս մասնագիտութիւնը կ՛ապրի ''ժամկէտներու յարգանքով''։ Սակայն, ըսաւ Ան, օգտագործելով այս պահը կ՛ուզեմ ձեր հետ բաժնեկցիլ  ''լրագրութեան'' աշխարհին հայող մի քանի գաղափարներ'', ու ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց երեք կարեւոր տարրեր՝ “սիրել ճշմարտութիւնը, ապրիլ մտարուեստութեամբ, եւ յարգել մարդկային արժանապատուութիւնը”։

Սիրել ճշմարտութիւնը, բացատրեց Սրբազան Պապը, կը նշանակէ ոչ միայն վկայել այլ ապրիլ ճշմարտութիւնը, եւ զայն վկայել անհատական աշխատանքով։ Պէտք է ասոր համար անկեղծ ըլլալ իր անձին եւ ուրիշներուն հետ, ըսաւ Ան, ու ակնարկեց մտարուեստութեան մասին յարելով ''Ապրիլ մտարուեստութեամբ, կը նշանակէ հասկնալ եւ ըմբոշխնել անձնական գործի իմաստը։ Ասկէ կը հետեւի հարկաւորութիւնը՝ անձնական աշխատանքը չենթարկել կողմերու հետաքրքրութեան տրամաբանութեան՝ ըլլան անոնք տնտեսական կամ քաղաքական։

Լրագրութեան պարտականութիւնը, կամ անոր կոչումն է, հոգ տանիլ ճշմարտութեան բացայայտումին, աճեցնել մարդու ընկերային տարածքը, եւ նպաստել ճշմարիտ քաղաքացիութեան կառուցումին''։ Լրագրողին դժուար ու անհրաժեշտ առաքելութիւնն է` որքան կարելի է հասնիլ իրողութիւններու ճշմարտութեան ու երբեք չ՛ըսել ու չի գրել բան մը որ ճշմարտութեան չի համապատասխաներ։

Յարգել մարդկային արժանապատուութիւնը կարեւոր է բոլոր կոչումներուն մէջ, յիշեցուց ապա Սրբազան Պապը, եւ աւելցուց, “դա կարեւոր է յատկապէս լրագրութեան մէջ, որովհետեւ նաեւ դէպքի մը պարզ պատումի ետին կան զգացումներ, յոյզեր, եւ անպայմանօրէն՝ անհատներու կեանքը։ Քննադատութիւնը օրինաւոր է, սակայն միշտ պէտք է կատարուի յարգելով ուրիշը, անոր կեանքը եւ անոր զգացումները։ Լրագրողը չի կրնար վերածուիլ անհատներու եւ ժողովուրդներու “կործանումի զէնքի” մը, ոչ ալ վախ ու սարսափ կրնայ յառաջացնել ի տես նոր երեւոյթներու ինչպիսի են բռնի գաղթականութիւնը, պատերազմն ու անօթութիւնը''։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ  խօսքը աւարտեց մաղթելով  որ լրագրութիւնը միշտ եւ ամենուրէք ըլլայ կերտումի գործիք, հասարակաց բարիքի գործօն եւ հաշտութեան գործընթացները արագացնող, ու յատկապէս ''հանդիպման մշակոյթը'' զարգացնող։ Ան ապա օրհնեց բոլոր ներկաները անոնց ապահովեցնելով իր աղօթքները ու խնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.