2016-09-22 10:56:00

Կարդինալ Թուրքսոն. ''Ժողովուրդներու յառաջդիմութեան համար լսել բոլորին կարծիքները''։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջդիմելու համար՝ կարիքը կայ մարդկային համընդհանուր զարգացման։ Այս էր Արդարութիւն եւ Խաղաղութիւն Քահանայապետական Խորհուրդի նախագահ՝ Կարդինալ Թուրքսոնի պատգամին կորիզը, որ կարդացուեցաւ Վատիկանի Ձայնասփիւռի պալատին մէջ, ՄԱԿի՝ Առեւտուրի եւ Զարգացման Ժողովի 2016ի տեղեկատուութեան ներկայացման առիթով։

Հիմնուած վերջին Քահանայապետներու ուսուցման վրայ, ծիրանաւորը պատգամին մէջ կ՛ընդգծէ մարդկային համընդհանուր զարգացման հարկաւորութիւնը։ «Զարգացումը խաղաղութեան նոր անունն է» կʼըսէր Երանելի Պօղոս Զ. Քահանայապետը, իր «Ժողովուրդներու Յառաջդիմութիւնը» շրջաբերականին մէջ։ Անոր խօսքերը այսօր արտակարգ այժմէականութիւն ունին։ 1964 թուականէն ի վեր, երբ հիմնուած էր ՄԱԿի յիշեալ բաժանմունքը, ճարտարարուեստի նոր նուաճումներ՝ նուազեցուցած են աւանդական սահմանները ժողովուրդներու միջեւ, եւ բացած են տնտեսական հնարաւորութիւններու նոր բնագաւառներ։ Սակայն հարց մը կը մնայ՝ թէ ի՛նչ տեսակի զարգացման կարիքը կայ։ Պօղոս Զ. Քահանայապետի համար, զարգացումը պէտք է ներգրաւէ իւրաքանչիւր անհատ եւ անհատը՝ իր ամբողջութեամբ։

Իր պատգամին մէջ, Կարդինալ Թուրքսոն կը յիշէ նաեւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. եւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետերու պատգամները։ Ֆրանչիսկոս Պապ, Պօղոս Զ. Պապի բանաձեւումը ծաւալած է նաեւ ապագայի սերունդներու վրայ, ուր ան կʼ ըսէ՝ «Այլեւս չենք կրնար խօսիլ կայուն զարգացման մասին աննկատ ձգելով միջսերնդային զօրակցութիւնը։ Չէ կարելի խօսիլ կայուն զարգացման մասին առանց որդեգրելու զօրակցութիւն մը՝ սերունդներու միջեւ։ Երբ կը մտածենք այն պարագայի մասին, ուր երկրագունդը պիտի թողուի ապագայ սերունդներուն՝ այն ժամանակ մուտք կը գործենք տարբեր տրամաբանութեան մը մէջ», այսինքն աւանդել մեր ստացած ձրի պարգեւը։ Հիմնական հարց է նաեւ աղքատներու պարագան. Յովհաննէս Պօղոս Բ. կ՛ընդգծեր, թէ աղքատները ըլլան նոր եւ աւելի մարդկայնական ապագայի մը գլխաւոր կառուցողները։ Պէտք չէ մոռնալ տնտեսական տագնապը որ կʼերկարի 2008 թուականէն ի վեր։ Պէտք է աւելին ընել։ Պէտք է կիրարկել յաւելեալ պատասխանատուութիւն մը։ Կարիքն ունինք համապարփակ քաղաքականութիւններու։ «Համապարփակ քաղաքականութիւնները կը պահանջեն յարատեւութիւն եւ առատաձեռնութիւն. անոնք կ՛ունկնդրեն տարբեր ձայներու» - ոչ միայն դրամավարութեան, քաղաքական եւ առեւտրական կառոյցներու ձայներուն, այլ նաեւ աշխատաւորներու, գործազուրկներու, երիտասարդներու եւ ծերերու, ինչպէս նաեւ կենսոլորտի ձայնին։ Եզրափակելով իր պատգամը, Կարդինալ Թուրքսոն կը մաղթէ, որ յիշեալ ՄԱԿ-ի տեղեկատուութիւնը ըլլայ օգնութիւն մը թէ՛ ՄԱԿ-ի եւ թէ՛ այլ հաստատութիւններու, կարենալ դիմագրաւելու համար յաջորդ տարիներու մարտահրաւէրները։








All the contents on this site are copyrighted ©.