2016-09-22 09:45:00

Իրաք։ Գերապայծառ Վարտայի կոչը Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն ի նպաստ


(Ռատիօ Վատիկան)  Իրաքի Էրպիլ քաղաքի Քաղդէացի Արքեպիսկոպոսը՝ Գերապայծառ Պաշար Վարտա, խօսք առնելով Գերմանիոյ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասին առջեւ, Գերմանիոյ Ֆուլտա քաղաքին մէջ, զգայացունց կոչ մը ուղղեց Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն օգնութեան ի սպաս, որպէսզի անոնք կարենան գոյատեւել։

Գերապայծառ Վարտա խօսքին մէջ ըսաւ «Պէտք է որոշում կայացնել յաջորդ ամսուան մէջ իսկ, թէ Իրաքի մէջ 2000-ամեայ գոյութենէն ետք, քրիստոնէութիւնը ապագայ մը ունի՞, եւ կամ պիտի բնաջնջուի, գուցէ թանգարանային փոքր մնացորդներու բացառութեամբ»։

Իրաքի քրիստոնեաներու թիւը, 1,4 միլիոնէն՝ նուազած է 300 հազարի։ Քաղդէացի Արքեպիսկոպոսը շնորհակալութիւն յայտնած է գերմանացի կաթողիկէներուն՝ անոնց կատարած օգնութեան համար, որ Իրաքի քրիստոնեաներուն կը մատուցանէ մեծագոյն դրամական նպաստը։

Ուլրիխ Փօէնէր, Գերմանիոյ Եպիսկոպոսական ժողովի քարտուղարութեան գաղթականներու խորհուրդի ներկայացուցիչը, յայտնեց թէ Եպիսկոպոսական Ժողովը եւ մարդասիրական կազմակերպութիւնները, 2015 թուականին, Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն տրամադրած են 42 միլիոն եւրօ։

Գերապայծառ Վարտա ապա ընդգծեց, թէ շնորհիւ յիշեալ օգնութիւններուն, կարելի է փորձել Իրաքի քրիստոնեաներուն տալ նոր խթանում, որպէսզի ուժն ունենան մնալու իրենց տուներուն մէջ, փոխանակ փախուստ տալու դէպի Եւրոպա։ Հարկաւոր է մատուցանել արժանավայել յարմարութիւններ, հիմնական առողջապահական ծառայութիւն եւ դպրոցներու կառուցում, ընձեռելու համար կրթութեան եւ աշխատանքի ստեղծման կարելիութիւններ'' ըսած է միշտ Գերապայծառ Վարտա։








All the contents on this site are copyrighted ©.