2016-09-21 12:10:00

Ֆրանչիսկոս Պապի հրապարակային ընդհանուր ունկդրութիւնը՝՝Ներումը սիրտն է Ողորմածութեան՝՝


(Ռատիօ Վատիկան)  Չորեքշաբթի, 21 սեպտեմբերի՝ առաւօտեան, Սուրբ  Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն ներկայութեամբ  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը  շնորհեց  հրապարակային ընդհանուր ունկդդրութիւնը, որուն ընթացքին շարունակելով ''ողորմութեան'' մասին իր խորհրդածութիւնները կեդրոնացաւ  Ղուկաս Աւետարանի հետեւեալ հատուածին վրայ.

՝՝Գթած եղէք, ինչպէս գթած է ձեր երկնաւոր Հայրը։ Մի դատէք, եւ պիտի չդատուիք, մի դատապարտէք, եւ պիտի չդապարտուիք, ներեցէք եւ պիտի ներուի ձեզի. լաւ, թաթաւուն, ցնցուած եւ յորդող չափով պիտի լեցնեն ձեր գոգը, որովհետեւ նոյն չափով որով դուք կը չափէք ուրիշին, պիտի չափուի նաեւ ձեզի։՝՝ (Ղուկ 6, 36-38)

Մեկնաբանելով Աւետարանի յիշեալ հատուածը Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ սոյն հատուածէն քաղուած է Ողորմութեան Սուրբ Տարուան խորագիրը ՝՝Ողորմած եղէք նման իմ Հօրս՝՝  ու նկատել տուաւ,  թէ յիշեալ խորագիրը քարոզարշաւ մը չէ այլ կեանքի յանձնառութիւն , եւ լաւ հասկնալու համար Ողորմութեան Սուրբ տարուան խորագիրը, Նորին Սրբութիւնը յորդորեց զայն բաղդատել Մատթէոս աւետարանի հետեւեալ հատուածին հետ ՝՝կատարեալ եղէք, ինչպէս կատարեալ է ձեր երկնաւոր Հայրը՝՝ (Մատթ 5.48)

Խօսելով կատարեալ ըլլալու մասին,  Սրբազան Քահանայապետը  անդրարձաւ Աստուծոյ  կատարելութեան ու Ողորմածութեան ըսելով. ՝՝Եթէ զԱստուած մեր աչքերուն առջեւ ունենանք որպէս ողորմած, այս մէկը թոյլ կու տայ լաւ հասկնալու թէ ի՞նչ բանի մէջ կը կայանայ Անոր Ողորմածութիւնը, եւ մեզ կը մղէ ըլլալու Անոր  նման, լի գորովով, կարեկցութեան եւ ողորմութեամբ ։

Ֆրանչիսկոս Պապը  յայտնեց,  թէ ''փրկչակորգծութեան պատմութեան մէջ կը նկատենք,  որ Աստուծոյ յայտնութիւնը անխոնջ եւ անդադար սէր է մարդոց նկատմամբ'' եւ  թէ ''Յիսուսի մահը խաչին վրայ, Աստուծոյ սիրոյ պատմութեան գագաթնակէտն է'',  ան ապա անդրադարձաւ Եկեղեցւոյ ողորմածութեան հաստատելով թէ ''Եկեղեցին չի կրնար ըլլալ եթէ ոչ Աստուծոյ ողորմածութեան խորհուրդը աշխարհին մէջ, ամէն  ժամանակներուն ու համայն մարդկութեան համար''։

Իւրաքանչիւր քրիստոնեայ, կանչուած է ըլլալու ողորմութեան վկայ, եւ այս մէկը կարելի է սրբութեան ուղեւորութեամբ – ըսաւ  Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրելով մտածել որքան սուրբեր դարձան ողորմածներ, որովհետեւ իրենց սրտերուն թոյլ տուին լեցուելու Աստուածային Ողորմութեան ։

Սրբազան Հայր ապա բացատրելով ողորմած ըլլալու նշանակութիւնը, զայն ամփոփեց   Յիսուսի  երկու բայերու մէջ ՝՝ ներել՝՝ եւ ՝՝նուիրել՝՝

՝՝Ողորմածութիւնը նախ եւ առաջ կը կ՝արտայայտուի  ներումի մէջ՝՝ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու մէջբերեց Յիսուսի խօսքերը  ՝՝ Մի դատէք որպէսզի չի դատուիք, ներեցէք ու կը ներուի ձեզի''։  Ներումը արդարեւ հնարանն է որուն վրայ կը հենու  քրիստոնեայ հասարակութեան կեանքը, որովհետեւ անոր մէջ կը յայտնաբերուի Աստուծոյ անշահախնդիր սէրը, որով մեզ սիրեց։ Քրիստոնեան պէտք է ներէ։ Ինչո՞ւ։ որովհետեւ ներուեցաւ։ Մենք ամէնքս արդարեւ ներուած ենք ըսաւ Սրբազան Հայրը հրաւիրելով չի դատել ու չի դատապարտել մեղաւոր եղբայրը, ոչ որովհետեւ չենք ուզեր ճանչնալ մեղքը, այլ՝ որովհետեւ  այդ մէկը կը խզէ անոր հետ եղբայրական կապը եւ կ՝արհամարհէ Աստուածային ողորմածութիւնը։ Մինչ՝ մենք պարտականութիւնն ունինք անոր ընկերանալու ու անոր վերադարձնելու Հօր զաւակի արժանաւորութիւնը։

Խօսելով  երկրորդ սիւնի  ՝՝նուիրումի՝՝ մասին Սրբազան Հայրը մէջբերեց Յիսուսի Խօսքերը ''Տուէք եւ ձեզի պիտի տրուի'' ու հաստատեց, թէ  Աստուած կը նուիրէ մեր արժանիքներէն անդին, եւ թէ տրամաբանութիւնը այն է, թէ այն չափով որ Աստուծմէ կը ստանանք , նոյն չափով  կու տանք մեր եղբօրը, եւ այն չափով որ կը տրուի եղբօրը, նոյն չափով կը ստանանք Աստուծմէ։  Ուստի՝ ըսաւ Սրբազան Հայրը Ողորմած սէրը, միակ ուղին է ընթանալու համար։ Այդ սէրը թոյլ կու տայ Յիսուսի աշակերտներուն չկորսննցելու Անորմէ ընդունած ինքնութիւնը ու իրենց զիրենք ճանչնալու որպէս միեւնոյն հօր զաւակներ։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը խորհրդածութիւնը եզրափակեց ըսելով, ՝՝եթէ կը փափաքիք սիրտ մը ունենալ սիրով լի, եղէք ողորմած։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.