2016-09-21 11:46:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Երեք «Այբերով» սկսող բառեր ուզեցինք քով-քովի դնել,  մեր այսօրուայ խորհրդածութեան  վերնագիր մը տալու համար: Անշուշտ անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր նշանակութիւնը եւ յատուկ իմաստը ունի: Այս բառերը, իրարմէ տարբեր գրութեանց մէջ կամ այն պարբերութեան ծիրէն ներս, ուր ընդգրկուած են, իրարմէ տարբեր իմաստներ պիտի արտայայտեն վստահաբար: Սակայն, այս գրութեան մէջ անոնք միասնաբար հանդէս գալով, մարդկային կեանքէն քաղուած երեւոյթի մը ակնկարկութիւն պիտի կատարեն:

Ուրիշին կեանքով մօտէն հետաքրքրուելու երեւոյթը գրեթէ բոլորին սովորութիւնն է: Իսկ անոնք որոնք կ՛ուրանան այս, ուրեմն այս աշխարհին մաս չեն կազմեր այլեւս, այսինքն՝ հրաժեշտ առած են այս աշխարհէն: Այսօրուան հաղորդակցութեան այնքա՛ն անմիջական միջոցները, համացանցի տեսակաւոր ծրագիրներով, անպայման ուրիշին կեանքով ու նախասիրութիւններով հետաքրքրուելու պատճառ կը հանդիսանան ակամայ: Ասիկա, անշուշտ, անուղղակի հետաքրքրութիւն մըն է, սակայն՝ հետաքրքրութիւն ըլլալէ չի՛ դադրիր:

Համացանցի գրասեղանի կամ ձեռապաստառներու «նեղ» պարունակէն դուրս, իրական կեանքի մէջ, ուրիշին կեանքով հետաքրքրուելու երեւոյթը շատ աւելի «ուժեղ» է, որ նաեւ ուրիշին անդորրը խանգարելու ազդու հնարաւորութիւն կ՛ունենայ:

Անդորրը կամ խաղաղութիւնը պէտք է հասկնալ իր բոլոր մակարդակներուն վրայ՝ անհատական, ընտանեկան, ընկերային եւ այլ: Մարդու հոգեկան անդորրը խանգարող, ինչպէս նաեւ անոր ընկերային շրջապատին վրայ ազդեցութիւն գործող վատ երեւոյթներէն մէկը  բամբասանքն է: Ինչքա՜ն ալ խուլ ձեւանան, մարդիկ դարձեալ կը լսեն իրենց հասցէին արձակուող խօսքի նետերը, որոնք ուղղակի կամ անուղղակի կը հասնին իրենց սրտին:

Աչալրջութեամբ հետեւիլ, թէ շրջապատի մէջ ի՞նչ կը խօսուի քու մասիդ, շրջահայեցութիւն է: Ասիկա աւելորդ հետաքրքրութիւն մը չէ, այլ՝ իմաստութեան նշան, զգուշաւոր եւ զգօն ըլլալու համար առնելիք բոլոր քայլերուդ մէջ: Սակայն, աչալրջութեամբ հետեւելէն մէկ քայլ առաջ, կայ ակնկալելու քայլը:

Ամէն մարդ պէտք է ակնկալէ բամբասուիլ:

Ոմանք բամբասանքին «առողջ» տեսակին կու տան քննադատութիւն անունը, սակայն ատիկա այնքան ալ «առողջ» չըլլար, եթէ իր մէջ կրէ յարձակողապաշտ ոգի, իսկ արտայայտչական ձեւին մէջ ալ՝ վիրաւորական լեզու: Շինիչ քննադատութիւնը, գիտակից մարդոց կողմէ միշտ ընդունելի է: Սակայն, ամբարտաւան ու տկարամիտ մարդիկ միշտ կը հակառակին քննադատութեան եւ անսխալական կը համարեն իրենց անձը:

Բամբասանքի ձեւին տակ քննադատութիւն եւ քննադատութեան ձեւին տակ ակնկալուած բամբասանք լսելէ ետք բամբասուողը պէտք է դիմէ երկրորդ քայլին՝ արժեւորում, որ ժամանակ կը պահանջէ:

Երրորդ քայլը, զոր պէտք է առնենք՝ մեզի բամբասողներուն արգելք հանդիսանալն է: Թերեւս անհեթեթ թուի այս քայլը ոմանց, ըսելով, թէ «բամբասողը անպայման պիտի բամբասէ, ինչքան ալ փորձես լռեցնել զայն»: Սակայն արգիլելուն կերպերը կան: Պէտք չէ՛ այնպէս մտածել, թէ ուժի բանեցումով, հակադրուելով, հակադարձելով կամ ի վերջոյ սպանութեամբ պէտք է արգիլել մեր մասին կատարուող բամբասանքը:  Ի՞նչպէս…

Մեր ապրած կեանքի որակով եւ փոխյարաբերական կեանքին մէջ բերած յեղաշրջումով:

Լսուած բոլոր խօսքերը, բամբասանքի թէ քննադատութեան ձեւի տակ եղած արտայայտութիւնները կրնան անտեղի ու աւելորդ թուիլ լսողներուն, եթէ հասցէատէրը կամքի ուժով կարենայ փաստել անոնց ճշմարտութեան չհամապատասխանելը: Բամբասանքին արգելք կրնայ հանդիսանալ ան միայն սեփական կամքին ուժով, եւ այն ալ՝ ի՛ր անձին պարտադրած խստագոյն օրէնքներով: Այս փոփոխութիւնը, սակայն, կեանքի բոլոր մակարդակներուն վրայ եւ բոլոր բնագաւառներուն մէջ կը սպասուի անկէ: Միայն մէկ բնագաւառ բարելաւելով կամ միայն մէկ մակարդակ բարձրացնելով հանրային կարծիքը կարելի չէ՛ փոխել:

Ակնկալէ, որ մարդիկ պիտի բամբասեն քեզ: Քաջաբար վերլուծէ կեանքդ եւ արժեւորէ քու մասիդ եղած քննադատութիւնները, ընդունէ՛ անոնց մէջ եղած ճշմարտութիւնները ու ի վերջոյ, եթէ կրնաս, արգելք հանդիսացի՛ր քեզ բամբասողներուն, վերատեսութեան ենթարկելով կեանքդ եւ յարաբերութիւններդ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.