2016-09-21 09:51:00

Ասսիզի. Սուրիահայ տիկնոջ կոչը ''Սուրիացի ժողովուրդին անունով կը խնդրեմ աղօթք''


(Ռատիօ Վատիկան) ''Ձեզմէ բոլորէդ, կրօնական մարդիկ եւ ձեզմէ Նորին Սրբութիւն, սուրիացի ժողովուրդին անունով կը խնդրենք յատուկ աղօթք մը` որպէսզի խաղաղութիւնն ու սէրը շուտով վերադառնան Սուրիա ու աշխարհի բոլոր վայրերուն մէջ։ Շնորհակալութիւն''։ Այսպէս արտայայտուեցաւ Սուրիահայ գաղթական` Տիկ Թամար Միքալլի` Ասսիզիի մէջ կայացած խաղաղութեան ի սպաս աղօթքի միջ-կրօնական հաւաքին ընթացքին ներկայացուցած իր վկայութեան աւարտին ''շնորհակալութիւն'' բառը արտասանելով հայերէն լեզուով։

Ան պատմեց թէ ինչպէս ինք եւ իր ընտանիքը Հալէպի մարտիրոս քաղաքին մէջ երեք տարիներ ամբողջ պատերազմի վտանգին ու արհաւիրքին տակ դիմադրելէ ետք­, ստիպուեցան թողուլ տեղ, տուն եւ ինչքեր ու դիմել գաղութականութեան, նախ մեկնելով Լիբանան, ապա` միջազգային բարեսիրական կազմակերպութեան մը օգնութեամբ հասան Իտալիա ու այժմ կ՛ապրին Իտալիոյ Թոսքանա Մարզին մէջ։

''Այսօր մը մտաբերեմ բազմաթիւ քրիստոնեայ եւ իսլամ բարեկամներս, ըսաւ Տիկին Թամարը իր ներկայացուցած վկայութեան ընթացքին, մենք, պատերազմէն առաջ կ՛ապրէինք համերաշխօրէն, տարբերութիւններ չկային, ամէն մին իր կրօնը կը դաւանէր ազատութեամբ, երկրի մը մէջ որ զանազան մշակոյթներու, լեզուներու ու կրօններու խճանկար էր։ Ապա պատերազմը հասաւ ու տակաւին չեմ հասկցած թէ ինչու։ Ռումբեր սկսան տեղալ, տուներ քանդեցին։ Տակաւին ականջներուս մէջ կը հնչեն հայրերու ու մայրերու ճիչերը կամ մանուկներու պոռոցը, որոնք իրենց ծնողքը կը փնտռեն։ Երեք տարի դիմացանք ապա ստիպուած եղանք որոշում առնել ու թողուլ Սուրիան ու մեկնիլ, դառնալով գաղթականներ։ Իմ հետս տարի նաեւ ծնողքս, առանց անոնց չէի կրնար մեկնիլ։ Հարիւր տարուայ ընթացքին այս երկորդ տեղահանումն էր որ ապրեցան մեր ընտանիքները։

''Ձեզմէ բոլորէդ, կրօնական մարդիկ եւ ձեզմէ Նորին Սրբութիւն, սուրիացի ժողովուրդին անունով կը խնդրենք յատուկ աղօթք մը որպէսզի խաղաղութիւնն ու սէրը շուտով վերադառնան Սուրիա ու աշխարհի բոլոր վայրերուն մէջ։ Շնորհակալութիւն''։








All the contents on this site are copyrighted ©.