2016-09-20 09:14:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Ասսիզիի միօրեայ այցելութեան յայտագիրը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի 20 սեպտեմբեր 2016-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը  Ասսիզիի մէջ կը մասնակցի ''Խաղաղութեան ծարաւ. Կրօններ եւ մշակոյթներ երկխօսութեան մէջ'' խորագիրով խաղաղութեան ի սպաս միջ կրօնական ձեռնարկին։

Նորին Սրբութիւնը  առաւօտեան ժամը 10.30ին, ինքնաթիռով կ՛ուղղուի դէպի Ասսիզի, ուր ժամանումը նախատեսուած է կէս ժամ տեւող թռիչքէ ետք` Ասսիզիի ''Միկակելլի'' անուան մարզադաշտ, ուր զինք կը դիմաւորեն տեղւոյն եպիսկոպոսը` գերապայծառ Տոմենիքօ Սորրենթինօ, Ումպրիա Մարզի նախագահ` Տիկ Քաթիուշիա Մարինի, Փերուճայի Ոստիկանապետ` Տիար Ռաֆֆայելէ Քաննիծարօ ու Ասսիզիի քաղաքապետ` Տիկ Սթե­ֆանիա Փրոյեթթի։

ֆրանչիսկոս Պապ ապա կ՛ուղղուի Ասսիզիի Մայրավանք ուր զինք կը դիմաւորեն` Վանքին պահակը` Հայր Մաուրօ Կամպեթթի, վերոնշեալ միջ-կրօնական հանդիպումին մասնակցող` Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք` Բարթողոմէոս Ա., Քանթերպուրիի Արքեպիսկոպոս Ժասթին Վելպի ,  Օրթոտոքս Ասորիներու Պատրիարք` Եփրեմ Բ., իսլամ եւ հրեայ կրօններու ներկայացուցիչներ ինչպէս նաեւ Ճաբոնի պուտտայականներու  առաջնորդը։

Ապա բոլորը միասին ուղղուեցան  վանքին ներքնագաւիթ ուր` համախմբուած էին աշխարհի կրօններու եւ եկեղեցիներու ներկայացուցիչները ինչպէս նաեւ Ումպրիա մարզին եպիսկոպոսները։

 

Կէսօրուայ ժամը 1,00-ին, Ասսիզի վանքի սեղանատան մէջ  տեղի կ՛ունենայ կէսօրուան ճաշը,  որուն հրաւիրեալներուն շարքին էին նաեւ պատերազմներու զոհ մի քանի անձեր եւ որուն ընթացքին Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան նախագահ` Տիար Մարքօ Իմփալիացցօ  ելոյթ մը ունեցաւ նշելու համար Կ Պոլսոյ Տիեզերական Բարթողիմէոս Ա. Պատրիարքի գահակալութեան 25 ամեակը։

 

Յետմիջօրէի ժամը 3.15ին, Ֆրանչիսկոս Պապ առանձնական հանդիպումներ կ՛ունենայ, Բարթողիմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքին, Ժասթին Վելպի Արքեպիսկոպոսին, Եփրեմ Բ. Պատրիարքին, ինչպէս նաեւ Հրեայ եւ Իսլամ կրօններու ներկայացուցիչներուն հետ, որմէ ետք Սրբազան Քահանայապետը  Սուրբ Ֆրանչիսկոս տաճարին մէջ կը մասնակցի Քրիստոնեաներու համամիութենական աղօթքին մինչ Ասսիզիի զանազան այլ վայրերուն մէջ կը կատարուին խաղաղութեան ի սպաս աղօթքներ։

Ժամը 17,15-ին, Սուրբ Ֆրանչիսկոսի տաճարի դիմաց գտնուող հրապարակին վրայ, կը կայանայ խաղաղութեան ձեռնարկին եզրափակիչ արարողութիւնը, ներկայութեամբ բոլոր կրօններու ներկայացուցիչներուն։

Եզրափակիչ արարողութեան բացումը կը կատարէ Ասսիզի թեմին առաջնորդ գերապայծառ Տոմենիքօ Սորրենթինօ որուն կը յաջորդեն զանազան պատգամներ ու վկայութիւններ որոնց շարքին Իրաքէն գաղթական հայուհիի մը վկայութիւնը, Բարթողոմէոս Ա պատգամը, եւ Սանդ էճիտոջ Հասարակութեան հիմնադիր` Անտրէա Ռիքքարտիի  վկայութիւնը։

Կրօնապետերու շարքին իր խօսքը կ՛ուղղէ նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ապա տեղի կ՛ունենայ խաղաղութեան կոչի ընթերցում որ կը յանձնուի զանազան ազգութիւններու պատկան մանուկներուն։

Խաղաղութեան ի սպաս ձեռնարկը կ՛աւարտի պատերազմներու զոհերուն յիշատակին լռութեան մէկ պահով ու Խաղաղութեան Կոչին ստորագրութեամբ եւ խաղաղութեան ողջոյնի փոխանակումով։

Խաղաղութեան Միջ կրօնական հանդիպումի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ հրաժեշտ առնելով ձեռնարկին ներկայ գտնուող հոգեւոր եւ քաղաքական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններէն,  ինքնաշարժով կ՝ուղղուի Ասսիզիի մարզադաշտ, ուր ինքնաթիռով վերադարձ կը կատարէ Վատիկան։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.