2016-09-20 14:21:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 20 սեպտեմբերի քարոզը։ ՝՝Անսալ աղքատին ճիչը՝՝։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշբաթի, 20 սեպտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապի, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին կեդրոնական նիւթը եղաւ  Ասսիզի մէջ  աշխարհի խաղաղութեան ի սպա միջ-կրօնական աղօթքի օրը։  Սրբազան Հայրը ներշնչուած Օրուայ Սուրբ Գրային ընթերցումի վերջին հատուածէն ուր նշուած է թէ ՝՝ան որ իր ականջը կը խփէ աղքատին ճիչին, իր կարգին՝ երբ խնդրանք կատարէ  պատասխան պիտի չի ստանայ՝՝   ըսաւ ՝՝Եթէ՝ մենք խփենք մեր ականջը  ռմաբակոծումներու տակ գտնուող տանջուող մարդոց ճիչին, այն մարդոց ճիչին , որոնք կը տառապին  զինամթերքի վաճառականութենէն, գուցէ՝ երբ մեր կարգը գայ   պատասխան պիտի չի ստանանք՝՝

Սրբազան Հայրը ապա՝ աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած հայցեց Տիրոջմէ սրտի խաղայուղթիւն, որպէսզի  մեր սրտերէն   արմաատախիլ ընէ պատերազմի եւ ժլատութեան հոգին,  ու մեր սիրտը դառնայ խաղաղութեան սիրտ`  կրօնական բաժանումներէն անդին, որովհետեւ ամէնքս Աստուծոյ զաւակներ ենք՝՝։  

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց թէ գոյութիւն չունի պատերազմի Աստուածը, ան որ պատերազմ կ՝ընէ, սատանան  է, որովհետեւ ան բաժանումներ կ՝ուզէ։ Նորին Սրբութիւնը  հրաւիրեց մտածելու ոչ միայն ռումբերուն տակ գտնուողներուն,  այլեւ՝ վիրաւորներուն, զոհուածներուն,  մանուկներուն, տարեցներուն, որոնց հասանելի չեն  սննդեղէնի մարդկային օժանդակութիւնն ու դեղորայք։

՝՝Անոնք անօթի եւ հիւանդ են, որովհետեւ ռումբերը արգելք կը հանդիսանան, ու մինչ՝ մենք այսօր կ՛աղօթենք լաւ պիտի ըլլար, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը ամօթ զգայ։ Ամչնայ որովհետեւ  մեր այս եղբարները  այս բաները կ՛ընեն։ Ապա՝ ակնարկելով Ասսիզի աղօթքի օրուան  ըսաւ

՝՝Այսօր՝ աղօթքի օր է, ապաշխարութեան  ու խաղաղութեան համար ողբի օր է։ Օր ՝ լսելու համար աղքատին ճիչը։ Այդ ճիչը, որ մեր սրտերը կը բանայ ողորմածութեան, այն սիրոյն որ մեզ կ՛ազատէ եսասիրութենէն։  

 








All the contents on this site are copyrighted ©.