2016-09-20 18:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապ Ասսիզիի մէջ. ''Մենք զէնքեր չունինք։ Կը հաւատանք աղօթքի զօրեղ ուժին''։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի 20 սեպտեմբերն. Ասսիզիի մէջ կայացած խաղաղութեան ի սպաս միջ կրօնական հաւաքի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր խօսքը ուղղելով ներկաներուն ողջունեց զանոնք նշելով թէ ''Ասսիզի եկած ենք որպէս խաղաղութիւնը փնտռող ուխտաւորներ'' որոնք ծարաւն ունին խաղաղութեան ու իղձը վկայելու խաղաղութիւնը, եւ ամենէն առաջ ունին կարիքը աղօթելու խաղաղութեան համար, որովհետեւ խաղաղութիւնը Աստուածային պարգեւ մըն է ու պէտք է որ զայն հայցենք, ընկալենք ու Աստուծոյ օգնութեամբ զայն կառուցենք ամէն օր''։

Սրբազան Քահանայապետը ապա նշեց թէ Աստուած մեզմէ կը խնդրէ յաղթահարել ժամանակակից ամենամեծ հիւանդութիւնը` անտարբերութիւնը ու շեշտեց թէ կարելի չէ անտարբեր մնալ ու թէ այսօր աշխարհը ծարաւն ունի խաղաղութեան։

Շատ մը երկիրներ կը տառապին պատերազմէն որ յաճախ մոռցուած է, թէեւ կը պատճառէ տառապանք ու աղքատութիւն - ըսաւ Սրբազան Հայրը ու մատնանշեց Լեզվոս կատարած այցելութեան ուր` ըսաւ Ան, իմ Տիեզերական Պատրիարք Բարթողոմէոս եղբօրս հետ գաղթականներու աչքերուն մէջ տեսանք պատերազմի ցաւը, ու հանդիպեցանք կսկիծին անոնց որոնք ծարաւն ունին խաղաղութեան։ Մենք չենք փափաքիր որ այս աղէտները մոռացութեան ենթարկուին։ Մենք կ՛ուզենք ձայն տալ անոնց որոնց կը տառապին, անոնց որոնք ձայն չունին։ Այդ անձերը հզօրներէն աւելի լաւ գիտեն թէ պատերազմը ոչ մէկ ապագայ ունի եւ թէ զէնքերու  բռնութիւնը կեանքի ուրախութիւնը կը կործանէ ։

''Մենք զէնքեր չունինք - յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ, սակայն կը հաւատանք հեզ ու խոնարհ աղօթքի ուժին։ Ասսիզիի մէջ մեր հայցած խաղաղութիւնը պատերազմի դէմ բողոք մը չէ, եւ ոչ ալ ''քաղաքական բանակցութիւններու ու փոխզիջումներու եւ կամ տնտեսական առուտուրի արդիւնք։ Այլ արդիւնքն է աղօթքի''ինչպէս ըսած էր Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ը` 30 տարիներ առաջ նոյն վայրին մէջ տուած պատգամին մէջ։

Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ ապա կրօնական աւանդութիւններու զանազանութեան, հաստատելով թէ ''տարբերութիւնը'' մեզի համար հակամարտութեան առիթ չէ։ Մենք չ՛աղօթեցինք մէկը միւսին դէմ, այլ աղօթեցինք մէկը միւսին մօտ, մէկը միւսին համար։

Շարունակելով 30 տարիներ առաջ Ասսիզիի մէջ սկիզբ առած ուղեւորութիւնը ուր տակաւին ողջ է Աստուծոյ ու խաղաղութեան մարդ` Սուրբ Ֆրանչիսկոսի յիշատակը, անգամ մը եւս մենք ամէնքս կը հաստատենք թէ այն որ կրօնը կը գործածէ բռնութիւն յառաջացնելու համար հակառակ կրօնի իսկական ու ամենախոր ներշնչումին։ ''Չի յոգնինք երբեք կրկնելէ թէ Աստուծոյ անունը չի կրնար արդարացնել բռնութիւնը` Միայն խաղաղութիւնը սուրբ է եւ ոչ թէ պատերազմը'' շեշտեց Ֆրանչիսկոս Պապը։

Այսօր հայցեցինք խաղաղութեան սուրբ պարգեւը։ Աղօթեցինք որպէսզի խղճերը շարժին  պաշտպանելու համար մարդկային կեանքի սրբութիւնը, զարգացնելու ժողովուրդներու միջեւ խաղաղութիւնը եւ պահպանելու արարչութիւնը որ է մեր հասարակաց տունը։ 

Աղօթքը եւ շօշափելի համագործակցութիւնը մեզ կ՛օգնեն չմնալու հակամարտութեան տրամաբանութեան ներքոյ։ Աղօթքը եւ համագործակցելու կամքը կը մղեն իսկական խաղաղութեան յանձնառումի…մեր ճանապարհորդութիւնը կը մտի մխրճուիլ իրականութեան մէջ, ու առաջին տեղերը տրամադրել տառապողներուն, դիմագրաւելու հակամարտութիւնները ու զանոնք լուծելու ներքինէն, հետեւողականութեամբ հետեւելով բարի ուղիներուն, մերժելով չարին դիւրին ճանապարհը, ու համբերութեամբ, Աստուծոյ օգնութեամբ ու բարի կամքով` ձեռնարկել խաղաղութեան ի սպաս բանակցային գործընթաց։

Խաղաղութիւնը յոյսի թել մըն է որ երկիրը կը կապէ երկնքին, պարզ  ու միեւնոյն ատեն դժուար բառ մը։ Խաղաղութիւն կը նշանակէ ներում` որ է պտուղը ապաշխարութեան եւ աղօթքի, կը ծնի ներքինէն, Աստուծոյ անունով, ու կարող կը դարձնէ անցեալի վէրքերը բուժել։

Խաղաղութիւն կը նշանակէ ընկալում, երկխօսութեան տրամադրութիւն, փակումներու յաղթահարում։ Խաղաղութիւն կը նշանակէ ապաշխարել, ուրիշի հետ փոխադարձ փոխանակում, եղբօր մը` որուն հետ ջանալ կերտել աւելի լաւ աշխարհ մը։

Խաղաղութիւն կը նշանակէ դաստիարակութիւն. Կոչ մը` ամէն օր սորվելու հաղորդութեան դժուար արհեստը, ըմբռնելու հանդիպումի մշակոյթը. Խիղճը պահել հեռու բռնութեան ու կարծրութեան փորձութիւններէն, որոնք հակառակ են Աստուծոյ ու մարդու արժանապատուութեան։

Մենք այստեղ, միասին ու խաղաղութեամբ, կը հաւատանք ու կը յուսանք եղբայրական աշխարհ մը։ կը փափաքինք որ զանազան կրօններու պատկան  այրեր ու կիներ, համախմբուին ամէն տեղ ու ստեղծեն ներդաշնակութիւն, յատկապէս այնտեղ ուր կան հակամարտութիւններ։

Մեր ապագան միասին ապրիլն է, ասոր համար կանչուած ենք ազատուելու անվստահութեան ծանր լուծէն, ատելութենէն ու ծայրայեղական կեցուածքներէն։

Հաւատացեալները խաղաղութեան արհեստաւորներ են ու մենք Կրօնապետերս կանչուած ենք ըլլալու երկխօսութեան ամուր կամուրջներ, խաղաղութեան ստեղծագործ միջնորդներ։

Մեր կոչը կ՛ուղղենք նաեւ անոնց որոնք ունին ժողովուրդներու ծառայութեան վսեմ պատասխանատուութիւնը, Ազգերու Պետերուն, որպէսզի չյոգնին խաղաղութեան ուղիներ որոնելէ ու զարգացնելէ, եւ որպէսզի անլսելի չմնայ խիղճերուն ուղղուած Աստուծոյ կոչը, աղքատներուն` խաղաղութեան ճիչը ու նոր սերունդին ակնկալիքները։

Այստեղ 30 տարիներ առաջ, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ ըսաւ. ''խաղաղութիւնը` ոչ միայն մասնագէտներուն ու ռազմավարներուն այլ բոլորին բաց արհեստանոց մըն է,  խաղաղութիւնը տիեզերական պատասխանատուութիւն մըն է։ Ընդունինք այս պատասխանատուութիւնը, եւ այսօր եւս վերահաստատենք մեր այոն ըլլալու, բոլորս միասին,  Աստուծոյ փափաքած Խաղաղութեան կառուցողները, որուն ծարաւն ունի մարդկութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.