2016-09-20 10:58:00

Կարդինալ Փարոլին Քոլոմպիայի մէջ կը մասնակցի խաղաղութեան համաձայնութեան արարողութեան։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի Պետական քարտուղար` կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, յառաջիկայ 26 սեպտեմբերին կը մեկնի Քոլոմպիա` Քարթակենա Տէ Ինտիաս, ներկայ գտնուելու համար ''վերջնական համաձայնութեան ստորագրութեան''` հայող Քոլոմպիայի կառավարութեան ու ընդդիմադիր ուժերու միջեւ ''հակամարտութիւններու աւարտին ու կայուն եւ մնայուն խաղաղութեան''։

Կարդինալ Փարոլին վերոյիշեալ ձեռնարկին կը մասնակցի ընդառաջելով Քոլոմպիայի կառավարութեան հրաւէրին` գլխաւորելու համար համաձայնութեան ստորագրութեան արարողութենէն առաջ նախատեսուած սուրբ պատարագի զոհը որուն ընթացքին աղօթք պիտի կատարուի վասն Քոլոմպիացիներու հաշտութեան ու համերաշխութեան, որոնք ունին Կաթողիկէ կայուն արմատներ եւ որոնք կը ձգտին կառուցելու խաղաղ ընկերութիւն մը։

Յարգելով իշխանութիւններու ինքնավարութիւնը Կարդինալ Փարոլին Աստուածմէ պիտի խնդրէ որ լուսաւորէ Քոլոմպիացի ժողովուրդը` որպէսզի խղճմտանքով ու ամենայն ազատութեամբ ինչպէս նաեւ պատասխանատուութեամբ, սատարէ Երկրին միասնական բարիքին հայող որոշումներուն, Քոլոմպիան որ այնքան սիրելի է Ֆրանչիսկոս Պապին։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.