2016-09-20 09:33:00

Ըստ Սուրիական բանակին. զինադադարը վերջ գտած Է


Սուրիական բանակը յայտարարեց, որ զինադադարը վերջ գտած է` առանց խօսելու զայն երկարաձգելու մասին. բանակը դիտել տուաւ, որ ահաբեկչական խմբաւորումները զինադադարի դրութիւնը օգտագործելով իրենց շարքերը խտացուցին եւ տարբեր տեսակի զէնք ու զինամթերք ամբարեցին, որպէսզի շարունակեն յարձակումները:

Ըստ սուրիական բանակին, զինադադարի շրջանին իսկ ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ արձակուած կրակոցները կ՛ապացուցեն, որ այս խմբաւորումներուն ետին կան միջազգային եւ շրջանային կողմեր` հաստատելով, որ բանակը իր ազգային պարտականութիւնը պիտի շարունակէ կատարել իր հողին վրայ` պայքարելով ահաբեկչութեան դէմ, փորձելով սուրիական հողերուն վրայ վերահաստատել ապահովութիւնն ու կայունութիւնը:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.