2016-09-20 09:22:00

Երեւանի մէջ գոհաբանական մաղթանքի արարողութիւն երկու կաթողիկոսներուն մասնակցութեամբ


Գարեգին Բ Ամենայն հայոց կաթողիկոսի տնօրինութեամբ Սեպտեմբեր 20-ին հայաստանեան թեմերու առաջնորդանիստ եկեղեցիներուն մէջ երեկոյեան ժամերգութենէն ետք պիտի կատարուի Հանրապետական մաղթանք` ՀՀ անկախութեան 25-ամեակի առիթով:

Մայր Աթոռէն կը յայտնեն, որ Երեւանի մէջ Գոհաբանական մաղթանքի արարողութիւնը պիտի կատարուի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ մէջ նոյն օրը` ժամը 18:00-ին` հանդիսապետութեամբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ մասնակցութեամբ Արամ Ա․ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.