2016-09-20 08:49:00

Ասսիզիի հանդիպումը. ''Խաղաղութեան ծարաւ. Կրօններ եւ մշակոյթներ երկխօսութեան մէջ''։


(Ռատիօ Վատիկան)  18-20 սեպտեմբեր 2016-ին, Ասսիզիի  մէջ տեղի կ՛ունենայ միջ կրօնական հանդիպում ի սպաս ժողովուրդներու միջեւ խաղաղութեան, յիշատակելու ու ոգեկոչելու 30 տարներ առաջ խաղաղութեան ի սպաս Ասսիզիի մէջ տեղի ունեցող առաջին միջ կրօնական հանդիպումը` Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի օրով։

Ասսիզիի միջ-կրօնական հանդիպումին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 500-է աւելի կրօնապետեր ու մշակոյթի եւ քաղաքական աշխարհի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ հազարաւոր հաւատացեալներ։

Ձեռնարկը կազմակերպուած է Սանդ Էճիտիոյի հասարակութեան ջանքերով ու աջակցութեամբ Ասսիզիի թեմին ու Ֆրանչիսկեան Միաբանութիւններու ընտանիքին եւ ունի որպէս բնաբան ''Խաղաղութեան ծարաւ. Կրօններ եւ մշակոյթներ երկխօսութեան մէջ''։

Այս առընչութեամբ Սանդ Էճիտիօ հասարակութեան նախագահ` Տիար Մարքօ Իմփալիացցօ վերյիշելով 1986-ին միջ կրօնական առաջին հանդիպումը հաստատեց թէ '''Այդ միջոցառումին արձագանքը այսօր, երեսուն տարիներ ետք, աւելի զօրեղ է ու ոգին որ անոր թիկունք կը կանգնի տարածուեցաւ ու քաջութիւն ներշնչեց համայն աշխարհին'' ան ապա ընդգծեց հարկաւորութիւնը որ ''խաղաղութեան ձայնը դառնայ աւելի զօրեղ ու համարձակ որովհետեւ պէտք է խօսի նաեւ այն անձերուն անունով որոնք ձայն չունին որովհետեւ թիրախ են պատերազմներուն ու բռնութեան''։

Վերոնշեալ ձեռնարկի ծիրէն ներս երեքշաբթի 20 սեպտեմբեր 2016-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը մեկնեցաւ Ասսիզի իր մասնակցութիւնն ու սատարը բերելու այդ կարեւոր միջոցառումին ու այս առընչութեամբ անցեալ կիրակի` 18 սեպտեմբեր 2016-ի Մարեմեան աղօթքի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը հրաւիրած էր  բոլոր հաւատացեալները, սեպտեմբեր 20-ը ապրելու որպէս խաղաղութեան ի սպաս աղօթքի օր, հետեւելով Սուրբ Ֆրանչիսկոսի օրինակին, համայն աշխարհին նուիրելու համար զօրեղ վկայութիւն մը,  միասնական  այն յանձնառումին ի սպաս խաղաղութեան ու ժողովուրդներու միջեւ հաշտութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.