2016-09-20 19:00:00

Ասսիզիի աղօթքի միջ-կրօնական հաւաքի խաղաղութեան կոչը


(Ռատիօ Վատիկան) Տարբեր կրօնքներու պատկանող այր մարդիկ եւ կիներ, որպէս ուխտաւորներ՝ հաւաքուած ենք Սուրբ Փրանկիսկոսի քաղաքին մէջ։ Այստեղ, 1986 թուականին, երեսուն տարիներ առաջ, Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապի հրաւէրով, հաւաքուեցան կրօնական ներկայացուցիչներ ամբողջ աշխարհէն, առաջին անգամ ըլլալով, վճռական եւ հանդիսաւոր կերպով հաստատելու համար անբաժանելի կապը՝ խաղաղութեան մեծ պարգեւին եւ իսկական կրօնական կեցուածքի միջեւ։
Այդ պատմական դէպքէն սկսեալ, սկիզբ առած  է երկար ուխտագնացութիւն մը, որ, արծարծելով աշխարհի շատ մը քաղաքներուն մէջ՝ ներգրաւած է շատ մը՝ երկխօսութան եւ խաղաղութեան համար մատուցուած աղօթքի հաւատացողներ. միացուցած է զանոնք, առանց իրարու խառնելու, կեանք տալով միջկրօնական ամուր բարեկամութիւններու եւ նպաստելով ոչ սակաւ բախումներու խափանումին։ Այս այն ոգին է, որ մեզ կը ոգեւորէ՝ իրականացնելու երկխօսութեան հանդիպումը, դիմադրել բռնութեան եւ կրօնքի չարաշահումի որեւէ կերպի, որ կʼարդարացնէ պատերազմը եւ ահաբեկչութիւնը։ Սակայն անցած վերջին տարիներուն, տակաւին շատ մը ժողովուրդներ ցաւալի կերպով խոցուած են պատերազմի պատճառով։ Միշտ չէ հասկցուած, որ պատերազմը աշխարհը կը վատթարացնէ, թողելով ցաւի եւ ատելութեան ժառանգ մը։ Պատերազմի մէջ՝ կորուստը բոլորին է, նաեւ յաղթանակողներուն։
Մեր աղօթքը բարձրացուցինք Աստուծոյ, որպէսզի աշխարհի խաղաղութիւն պարգեւէ։ Գիտակից ենք, որ խաղաղութեան համար պէտք է տեւապէս աղօթենք, որովհետեւ աղօթքը կը պաշտպանէ աշխարհ եւ կը լուսաւորէ զայն։ Խաղաղութիւնը Աստուծոյ անունն է։ Այն անձը, որ Աստուծոյ անունով կʼարդարացնէ ահաբեկչութիւնը, բռնութիւնը եւ պատերազմը՝ չʼընթանար Անոր  ճանապարհէն։ Կրօնքի անունով մղուած պատերազմը կը վերածուի՝ ինքնին կրօնքի՛ դէմ մղուած պատերազմի մը։ Արդ, հաստատ համոզումով, կը շեշտենք որ բռնութիւնը եւ ահաբեկչութիւնը հակառակ են կրօնքի իսկական ոգիին։
Միտ դնենք աղքատներու, երեխաներու, երիտասարդ սերունդի, կիներու եւ բազմաթիւ եղբայրներու եւ քոյրերու ձայնին, որոնք կը տանջուին պատերազմի պատճառով. անոնց հետ միասին ուժեղագոչ կը յայտարարենք - «Ո՛չ՝ պատերազմին»։ Անլուր չմնայ շատ մը անմեղներու ցաւի աղաղակը։ Կոչ կʼուղղենք ազգերու պատասխանատուներուն, որ վնասազերծեն պատերազմի դրդապատճառները՝ իշխանութեան եւ դրամի ագահութիւնը, զէնքերու վաճառքի անյագ տենջը, շահադիտութիւն, անցեալին կատարուածներու վրէժխնդրութիւնը։ Թող աճի՛ հակամարտութիւններ առթող պատճառներու՝ աղքատութեան, անարդարութեան եւ անհաւասարութեան պարագաները, մարդկային կեանքի չարաշահումը եւ արժէզրկումը չէզոքացնելու յանձնառութիւնը։
Թող վերջապէս բացուի՛ նոր ժամանակ մը, որուն մէջ համաշխարհայնացած աշխարհը վերածուի ժողովուրդներու ընտանիքի մը։ Նորոգուի՛ իսկական խաղաղութեան մը կառուցումին պատասխանատուութիւնը, որ ուշադրութիւն դարձնէ անհատներու եւ ժողովուրդներու իսկական կարիքներուն, որ  կանխարգիլէ հակամարտութիւնները՝ համագործակցութեամբ, որ կը յաղթահարէ ատելութիւնները եւ կը գերազանցէ խոչընդոտները՝ հանդիպումով եւ երկխօսութեամբ։ Ոչի՛նչ կը կորսնցնենք՝ եթէ ազդու կերպով կիրարկենք երկխօսութիւնը։ Ոչի՛նչ անկարելի է՝ եթէ աղօթքով դիմենք Աստուծոյ։ Բոլորն ալ կարող են ըլլալ խաղաղութեան «արհեստաւորներ»։ Ասսիզիէն՝ համոզումով վերանորոգենք մեր առաջադրանքը՝ ըլլալու այդ արհեստաւորները՝ Աստուծոյ օգնութեամբ, եւ միասնաբար բոլոր բարի կամք ունեցող այր մարդոց եւ կիներուն հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.