«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ժան Քլոտ Եունքեր յայտարարած է, որ ժամանակն է, որ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն պաշտպանական կարելիութիւնները համատեղուին:
«Լիզպոնի համաձայնագիրը Եւրոպական Միութեան անդամներուն կ՛արտօնէ, եթէ անոնք ատիկա կը ցանկան, համատեղել իրենց պաշտպանական կարելիութիւնները մնայուն կառոյցի ձեւով: Ես կը կարծեմ, որ եկած է այդ կարելիութենէն օգտուելու ժամանակը», ըսած է ան` Եւրոպական Միութեան ընկերային-տնտեսական քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններուն վերաբերեալ տարեկան ուղերձով Սթրազպուրկի մէջ Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ:
Այս յայտարարութիւնը դարձած է եւրոպական բանակի ստեղծման վերաբերեալ` Պրիւքսէլի մէջ ընթացող բանավէճին մասին նախապէս լրատուամիջոցներուն մէջ յայտնուած տեղեկատուութեան փաստացի հաստատումը:
Մինչդեռ գարնան եւրոպական դիւանագիտութեան ղեկավար Ֆետերիքա Մոկերինին նշած էր, որ Եւրոպական Միութիւնը իր սեփական զինեալ ուժերը պիտի չստեղծէ:
All the contents on this site are copyrighted ©. |