2016-09-20 08:53:00

Freedom House-ը Հայաստանն ու Արցախը «Մասնակի Ազատ» երկիրներ կը համարէ։


Հայաստան «մասնակի ազատ» երկիր է: Ան գնահատական ստացած է Freedom House-ի «Աշխարհի մէջ ազատութեան մասին-2016» զեկոյցին համաձայն:

Ըստ զեկոյցին, Հայաստանը 46 միաւոր հաւաքած է (ամենավատ ցուցանիշը 0-ն է, լաւագոյնը` 100-ը):

«Աշխարհի մէջ ազատութեան մասին-2016» զեկոյցը կը գնահատէ 2015 թուականի ազատութեան վիճակը 195 երկրի մէջ եւ 15 տարածքի մէջ, որոնք պետականութիւն չունին: Զեկոյցը կը գնահատէ իրաւունքներու եւ ազատութիւններու վիճակը, որոնցմէ կ՛օգտուին առանձին մարդիկ, ոչ թէ կառավարութիւնը կամ իշխանութեան ներկայացուցիչները:

Քաղաքական եւ քաղաքացիական իրաւունքները կը գնահատուին 1-7 միաւորի սանդղակով, ուր 1-ը առաւելագոյն ազատութեան ցուցիչն է, իսկ 7-ը` նուազագոյն: Հայաստանը համապատասխանաբար ստացած է 4 եւ 5 միաւոր:

Յատկանշական է, որ Freedom House-ը լեռնային Ղարաբաղը կը դիտարկէ  իբրեւ անկախ պետութիւն` դասելով զայն «մասնակի ազատ» երկրներու շարքին: Ղարաբաղը ընդհանուր առմամբ ստացած է 33 միաւոր:

Վրաստանն ու Թուրքիան 64 եւ 53 ցուցանիշներով նոյնպէս կազմակերպութեան կողմէ դասուած են «մասնակի ազատ» պետութիւններու շարքին, մինչդեռ իրանի ու Ատրպէյճանի մէջ վիճակը շատ աւելի վատ է: Freedom House-ը 17 եւ 16 ցուցանիշներով այս երկու երկիրները կը համարէ անազատ:

Ռուսիան ու Պելառուսիան եւս անազատ են:

Ըստ կազմակերպութեան կան 85 ազատ երկիրներ, ուր կ՛ապրի բնակչութեան մօտ 40%-ը: «Ազատ» երկիրներու թիւը 2014-ի համեմատ նուազած է 3-ով:

«Մասնակի ազատ» երկիրները 59-ն են: Այդ պետութիւններու բնակիչները կը կազմեն մոլորակի 24 %-ը: Մասնակի ազատ երկիրներու ցանկը համալրուած է 4-ով:

«Անազատ» երկիրները 50-ն են, ուր կը բնակի մոլորակի 36%-ը` 2,6 միլիառ մարդ, որուն կէսը կ՛ապրի Չինաստանի մէջ: «Անազատ» երկիրներու ցանկը կրճատուած է 1-ով, քանի որ Զիմպապույը «անազատ»-ներու շարքէն անցած է «մասնակի ազատներ»ու շարքը:

«Վատագոյններու» շարքին դասուած են էրիթրեան, Հիւսիսային Քորէան, Ուզպեքիստանը, Սոմալին եւ Սուրիան:








All the contents on this site are copyrighted ©.