2016-09-19 11:59:00

Ռուսիոյ մէջ ընտրութիւններ


Ռուսիոյ մէջ երէկ տեղի ունեցան խորհրդարանական ընտրութիւններ, ինչպէս նաեւ ընտրուեցան 9 շրջաններու նահանգապետներ, 39 օրէնսդիր ժողովի երեսփոխաններ, տարբեր շրջաններու մէջ քաղաքապետներ, ինչպէս նաեւ 150 տեղական նշանակութեան հանրաքուէ:

Տումայի մէջ երեսփոխանական աթոռներուն համար կը պայքարէին 14 կուսակցութիւններ եւ 2100 մեծամասնական դրութեամբ թեկնածուներ: Ընդհանուր առմամբ ընտրութիւններուն առաջադրուած էին 6500 թեկնածուներ:

Ռուսիոյ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը արձանագրած էր 14 կուսակցութեան առաջադրում` «Ռոտինա», Ռուսիոյ համայնավարներ, Թոշակառուներու ռուսական կուսակցութիւն` յանուն արդարութեան, Միացեալ Ռուսիա, Քաղաքացիական բեմահարթակ, Կանաչներ, Ազատական ժողովրդավարական կուսակցութիւն, Ազգային ազատութեան կուսակցութիւն (Փառնաս), Աճի կուսակցութիւն, Քաղաքացիական ուժ, «Եապլոքօ»,  Դաշնակցային Ռուսիոյ համայնավարական կուսակցութիւն, Ռուսիոյ հայրենասէրներ եւ «Սփրավետլիվայա Ռոսիա»:

Հասարակական կարծիքի ուսումնասիրման համառուսական կեդրոնի վերջին հարցախոյզներուն տուեալները ցոյց տուած էին, որ իշխող Միացեալ Ռուսիա կուսակցութեան վարկանիշն է 39,3 առ հարիւր, Ժիրինովսքիի ղեկավարած Ազատական Ժողովրդավար կուսակցութեանը` 10,4 առ հարիւր, Դաշնակցային Ռուսիոյ համայնավարական կուսակցութեանը` 8,7 առ հարիւր, «Սփրավետլիվայա Ռոսիա»-ինը` 5,3 առ հարիւր, Թոշակառուներու ռուսական կուսակցութիւն` յանուն արդարութեանը` 1,6 առ հարիւր, իսկ «Եապլոքօ»-ինը` 1,1 առ հարիւր:

Մնացեալ կուսակցութիւններուն վարկանիշը մէկ առ հարիւրէն ցած է:

Աւելի ուշ հրապարակուեցան երկու նախնական արդիւնքներ: Ըստ առաջինին, իշխող Միացեալ Ռուսիա կուսակցութիւնը ապահոված է քուէներուն 44,7 առ հարիւրը, Ազատական ժողովրդավարական կուսակցութիւնը` 15,3 առ հարիւրը, Դաշնակցային Ռուսիոյ Համայնավար կուսակցութիւնը` 14,9 առ հարիւրը, Արդար Ռուսիան` 8 առ հարիւրը, ընդդիմադիր երկու կուսակցութիւններ Եապլոքոն 3,5 առ հարիւր, իսկ Փառնասը` 1,2 առ հարիւր:

Ըստ երկրորդ նախնական արդիւնքին, Միացեալ Ռուսիան ապահոված է քուէներուն 49,4 առ հարիւրը, Դաշնակցային Ռուսիոյ Համայնավար կուսակցութիւնը` 16,3 առ հարիւրը, Ազատական ժողովրդավարները` 14,3 առ հարիւրը:

Մասնակցութեան համեմատութիւնը շուրջ 40 առ հարիւր էր:








All the contents on this site are copyrighted ©.