2016-09-19 09:54:00

Խորհրդածութիւն. ՝՝Ինչ որ Աստուած միացուց, մարդ թող չբաժնէ՝՝


Միութիւնը շինարար է, իսկ բաժանումը` քանդիչ։ Հին Հռովմայեցիները կ՛ըսէին, բաժնէ որ տիրես. Յիսուս Քրիստոս մեզի կ՛ըսէ, միացուր որ շինես։ Սուրբ պսակի խորհուրդը կը միացնէ երկու անձեր, կազմելու համար ընտանիք մը, այս միացումը խորհուրդ մըն է, ան չի գար անձերէն, կամ պսակիչ քահանայէն, այլ` նոյնինքն Աստուծմէ որ ստեղծեց առաջին զոյգը աշխարհի եւ դրաւ կանոնները, այսինքն այլեւս անոնք երկու չեն այլ մէկ մարմին։

                Պսակի պատրաստութեան համար, կը խնդրուի ամուսնական կեանքի առաջին քայլերը թեւակոխող զոյգէն որ իրենց ստորագրութեամբ հաւանին երեք գլխաւոր պայմաններուն` քրիստոնեայ ընտանիքի կազմութեան համար։

                Առաջինն է միութիւնը, կամ հաւատարմութիւնը. Մէկ այր եւ մէկ կին, որոնք որեւէ ուրիշ անձի մը միջամտութիւնը պիտի չընդունին իրենց զոյգէն ներս, ի բաց առեալ Քրիստոսի ներկայութենէն, որ պիտի ներշնչէ անոնց կամքը եւ ուժը իրարու հաւատարիմ մնալու մինչեւ իրենց կեանքին վերջը։

                Երկրորդ պայմանն է անբաժանելիութիւնը, որով անոնք կ՛ուխտեն որեւէ պատճառի համար չբաժնուիլ իրարմէ եւ չպառակտել ընտանեկան սրբութիւնն ու միութիւնը. Այս օրերուս` դժբախտաբար ականատես ենք շատ մը քրիստոնեայ ընտանիքներու բաժանումներուն։ Այս հարցը Եկեղեցւոյ մասնայատուկ ու շատ կարեւոր ուշադրութեան առարկայ է մի քանի տարիէ ի վեր, որով Քրիստոս այդպէս չէ պատուիրած իր հաւատացեալներուն։

                Իսկ երրորդ պայմանն է արգելք չդնել զաւակներու ծննդեան, որով ամուսնութեան էական նպատակներէն մին է ծննդաբերութիւնը զաւակներու, որպէսզի շարունակուի մարդկային սերունդներու աճը եւ չդադրի Աստուծոյ ստեղծագործութեան գլուխ գործոցը` որ է մարդը, աշխարհի վրայ։

                Մարդ պիտի թողու իր հայրն ու մայրը եւ իր կնոջ հետ պիտի երթայ։ Նոյնը կրնանք ըսել նաեւ կնոջ համար, ան թողլով իր ծնողքը, պիտի հետեւի իր ամուսնոյն, ուր որ ալ գտնուի ան։ Նոր կապ մը կը ստեղծուի որ պիտի ամրանայ եւ զարգանայ տարիներու միասնական կեանքի ընթացքին, իրար հասկացողութեամբ, իրարու հանդէպ սիրոյն հզօրեղացումով, եւ իրարու հանդէպ հանդուրժողական կեցուածքով։

                Ընտանիքի մը կազմութիւնը նոր ստեղծագործութիւն մըն է, մարդը կը դառնայ Աստուծոյ օգնական ծնունդ տալով նոր արարածներու, զանոնք դաստիարակելով եւ մեծցնելով, որպէս Աստուծոյ իսկական զաւակներ։

                Ընտանիքի կորիզի կը կազմէ սէրը այր եւ կնոջ եւ հաւատքը հանդէպ աստաուածային շնորհքին որ կ՛ընկերանայ իրենց կեանքի ամենադժուարին ժամանակներուն եւ որ պիտի ամբողջացնէ այն ինչ որ կը պակսի իրենց, որպէսզի հասցնէ իսկական յաւիտենական երջանկութեան։

                Այս աշխարհի տուած երջանկութիւնը խաբուսիկ է. Ամէն տան մէջ, ամէն հաստատութեան մէջ, յաճախ կը պատահին անհամաձայնութիւններ, անհասկա-ցողութիւններ, սակայն այս բոլորը կը փարատին եթէ դիտենք Աստուծոյ ծրագիրը եւ անոր նպատակը մարդուն ստեղծագործութեան. Քրիստոս ալ տառապեցաւ, կրեց իր խաչը եւ գամուեցաւ անոր վրայ, սակայն ի վերջոյ իր զոհաբերումը վարձատրուեցաւ պանծալի յարութեամբ։

                Մեր ամէնուս ուշադրութիւնը կ՛երթայ այսօր իր անանցանելի խօսքերուն, որովհետեւ անոնք կը կազմեն մեր հաւատքի հիմը եւ անոնք են որ մեզի կու տան յոյսը ապրելու այս աշխարհիս վրայ, նկատելով զայն որպէս անցք մը դէպի յաւիտենական երջանկութիւն։

Ամէն։

 

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան








All the contents on this site are copyrighted ©.