2016-09-19 10:50:00

՝՝Տառապող եկեղեցիի օգնութիւն՝՝ հաստատութիւնը կ՝այցելէ Իրաք։


(Ռատիօ Վատիկան) Քահանայապետական  ՝՝Տառապող եկեղեցիի օգնութիւն՝՝  հաստատութեան նախագահ՝  Ալեսսանատրօ Մոնթետուրօ,  միջազգային պատուիրակութեան մը հետ միասին պիտի այցելէ Իրաքի Քիւրտիսանի շրջան, ուր հանդիպում պիտի ունենայ  եկեղեցական եւ քաղաքացիական իշխանութիւններուն հետ։

Իրաք քաղաքին այցելութեան ծիրէն ներս քահանայապետական հաստատութեան նախագահը  հանդիում կ՝ունենայ Էրպիլ քաղաքի Քաղդէացիներու արքեպիսկոպոս գերպայծառ Պաշար Մաթթի Վարտայի հետ,  ան ապա պիտի այցելէ զանազան գաղթականներու կեդրոններ, ուր մինչեւ այսօր հիւրընկալուած են  հազարաւոր ընտանիքներ, որոնք փախուստ տուած են Իրաքի հիւսիսային շրջանէն՝ փախչելով Տահեշի բռնութիւններէն ։

՝՝Տառապող եկեղեցիի օգնութիւն՝՝  հաստատութեան այս այցելութեաբն գլխաւոր նպատակն է գաղթականներուն, եւ տեղահանուածներուն  բաշխել սննդեղէն եւ հագուստեղէն ։








All the contents on this site are copyrighted ©.