2016-09-17 11:29:00

Ֆրանչիսկոս Պապի Եւրոպայի եպիսկոպոսական ժողովներու նախագահին յղած պատգամը


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, պատգամը մը յղած է Եւրոպայի եպիսկոպոսական ժողովներու նախագահ՝ Կարդինալ Փեթեր Էրտէօյի, ուր կը մաղթէ, որ կամուրջներ կառուցուին եւ քանդուին բաժանումի որմերը։ Եւրոպայի եպիսկոպոսական ժողովներու խորհուրդը կը մասնակցի Սարայեւոյի մէջ կայացած հանդիպումի մը, ուր կը քննարկուին Ողորմութեան մարմնական եւ հոգեկան գործերը։ Այս հանդիպումը իրականացած է զանազան եկեղեցական եւ մարդասիրական կազմակերպութիւններու մասնակցութեամբ։

Սրբազան Պապը, իր պատգամին մէջ բոլոր հաւատացեալները կը հրաւիրէ հոգատարութիւն ցուցաբերելու բոլոր կարիքաւոր անհատներուն հանդէպ։ Այս կատաելով, անոնք իրենց նպաստը պիտի բերեն Եւրոպայի եւ Եկեղեցւոյ վերածնունդին։ Եկեղեցին մօր մը նման կ’ընթանայ դէպի վիրաւոր մարդկութիւնը՝ զայն կազդուրելու աստուածային ողորմութեան սպեղանիով։

Սրբազան Պապը կը քաջալերէ Եւրոպայի եպիսկոպոսական դասի ներկայացուցիչները՝ որ կաթողիկէ հասարակութիւնները միշտ աւելի գործունեայ կերպով մասնակցին Աւետարանի հռչակման պարտականութեան։

Ֆրանչիսկոս Պապ կը “շարունակէ երազել եւրոպակայն նոր մարդկայնականութիւն մը, ուր պէտք է ունենալ յիշողութիւն, քաջութիւն եւ մարդկային ու առողջ երազանք”։ Մարդկայնականացման այս ընթացին մէջ, Եւրոպան կոչուած է, ոչ թէ պաշտպանելու տարածքներ, այլ ըլլայ մայր մը, որ ծնունդ կու տայ գործընթացներու։ Հետեւաբար պտղաբեր՝ որովհետեւ կը յարգէ կեանքը եւ կեանքի յոյս կը ներշնչէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.