2016-09-17 12:13:00

Վատիկանի Ոստիկանութեան հիմնադրութեան 200-ամեակը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի, Սեպտեմբեր 18ին, Վատիկանի Ոստիկանութիւնը կը տօնէ իր հաստատութեան 200-ամեակը։

Այս առիթով, առաւօտեան ժամը 9։30, Սուրբ Պատարագ պիտի մատուցուի Վատիկանեան Պարտէզին մէջ, եւ երեկոյեան ժամը 18։00ին հանդիսութիւն մը տեղի պիտի ունենայ Վատիկանեան Պարտէզին եւ Թանգարանին մէջ։ Հանդիսութեան ժամանակ ելոյթ պիտի ունենայ Վատիկանի կառավարութեան նախագահ՝ Կարդինալ Ճուզեփփե Պերթելլօ։

Վատիկանի Ոստիկանութեան հրամանատար, Տոմենիքօ Ճաննի, այս առթիւ Ռատիովատիկանի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձած է, վերջին 200 տարիներուն՝ ոստիկանութեան կատարած կարեւոր դերին։ Անոնք ոչ միայն իրենց ուսերուն վրայ առած են պաշտպանութեան եւ ապահովութեան պատասխանատուութիւնը, այլ նաեւ առաջին գիծի վրայ գտնուած են աղէտներու ժամանակ, ինչպէս 1700-ական թուականներու համաճարակին մինչեւ վերջին տարիներուն տեղի ունեցած երկրաշարժներու ժամանակ։ 2000 թուականէն սկսեալ, ուր Վատիկանի մէջ ստեղծուած է ապահովութեան եւ քաղաքացիներու պաշտպանութեան նոր ծառայութիւնը, ոստիկանութեան հետ միասին անձնակազմին մէջ ներգրաւուած է նաեւ հրշէջներու վաշտը։

Հրամանատար Ճաննի, յիշած է նաեւ Վատիկանի ոստիկանութեան ունեցած միջազգային կապերը, եւ այլ երկիրներու ոստիկանութիւններու հետ կատարուած համագործակցութիւնը։

Վատիկանի Ոստիկանութեան հիմնական պատասխանատուութիւնն է, պաշտպանութիւն եւ ապահովութեան երաշխաւորում։ Յատկապէս վերջերս ահաբեկչական արարքներու յաւելումին պատճառով, անոնք աւելի սերտ համագործակցութիւն ունին իտալական ոստիկանական զանազան բաժանմունքներուն հետ։ Նկատի առնելով, որ Ողորմութեան Յոբելինական տարւոյն առիթով, ուխտաւորներու թիւը մեծ աճ ունեցած է, Վատիկանի Ոստիկանութիւնը  որդեգրած է ապահովութեան յաւելեալ միջոցառումներ, երաշխաւորելու ուխտաւորներու, զբօսաշրջիկներու, ինչպէս նաեւ կառոյցներու ապահովութիւնը։ Հրամանատար Ճաննի յիշած է, թէ “բարեբախտաբար մինչեւ հիմա տեղի չեն ունեցած վտանգումի, տագնապի եւ ահազանգումի պարագաներ”։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.