2016-09-17 13:22:00

Վանականութիւն (ԺԲ)


Նախորդ Հաղորդումին մէջ լսեցինք Եղիշէ Վարդապետի միայնակեացներուն ուղղուած խրատէն այն տողերը, ուր Եղիշէ կը նկարագրէ կրօնաւորական կեանքը։ Վերջապէս ան խրատ կու տայ կրօնաւորներուն, որ հետեւին այդ սուրբ կրօնաւորներու օրինակին, որովհետեւ այս գրութենէն կրնանք հետեւցնել, թէ կրօնաւորական կարգերը թուլացած էին եւ զեղխութիւնը մտած էր անոնց մէջ։ Եղիշէ Վարդապետ կը գրէ՝ “Արդ, իմանալով այս ամէնը՝ եղբայրնե´ր, հարկ է, որ ջանք թափենք եւ նոյն սրբութեան նախանձախնդրութիւնը մեր անձի մէջ ունենալով՝ նմանող ըլլանք աշխարհէն միայնացածներուն այնպիսի բազում գունդերուն, որոնք կը դիմեն դէպի վերին մայրաքաղաք, որ ազատ է երկրաւոր ախտերէն։ Քանի որ անոնք ալ մեր բնութիւնը ունին եւ կը զօրացնեն մեզ տկարներս։ Միայն ուզէ´, հաւատքով կառչէ´, յուսա´, սիրէ´ եւ կարող ես տեսնել այնպիսի նահատակութիւնը։ Քանզի ժամանակաւոր չարչարանքները որեւէ կերպով համեմատելի չեն այն կեանքին հետ, որ պատրաստուած է այնպէս ճգնողներու համար։

Խիստ կը վախնամ մեր ծուլութենէն. գրեթէ բոլորը կը տեսնեմ թաւալած երկրաւոր ստացուածքներու մէջ։ Իսկ արդ, մի՞թէ իմ բնութիւնս ալ չի կշտամբեր եւ հանդիմաներ զիս, թէ ստեղծուեցայ մերկ, մերկ դրուեցայ դրախտի մէջ, այնտեղէն մերկ ելայ, մերկ ծնայ եւ դէպի երկիր մերկ պիտի երթամ։ Արդ, եթէ այստեղէն ոչինչ տանիլ չենք կրնար, ինչու՞ զուր ժամանակ կ’անցընենք այստեղ։ Մէկ կողմ նետէ´, թօթափէ´ քեզմէ՝ աւելորդը, ո´վ միայնակեացդ, մի´ ըլլար թանձր ամրոց՝ նենգաւոր թշնամին ընդունող. գուցէ ան մօտիկ տեղ դարան մտած՝ կ’ուզէ արշաւել քու վրադ՝ կողոպտելու, քեզմէ յափշտակելու երկնաւոր գանձերը։ Քեզի համար բաւական համարէ տէրունական կանոնը՝ “Երկրաւորներէն ո´չ ոք երկու տէրերու կրնայ ծառայել” (Ղուկ ԺԶ. 13), որ առանց միջնորդի ու մեկնութեան յայտնի կերպով ցոյց կու տայ՝ ըսելով՝ “Դուք չէկ կարող Աստուծոյ հաճելի ըլլալ եւ միաժամանակ մամոնային” (Ղուկ ԺԶ. 13)

Եւ արդ, ես մեր աշխարհի մէջ այդպիսի աղետէ զերծ չեմ տեսներ ոչ մէկը։ Հակառակ որ կարդացինք գեղեցիկ գրուածքը. ուխտաւորութեան պատրուակով հեռացանք սուրբ ծնողներէն եւ մեզի համար բազմաթիւ օտար հայրեր ստեղծեցինք. այն անձը որ արժանի էր պատուի, զայն անարգեցինք, եւ այնտեղ ուր իշխանութիւն չունէինք, մեծարանքներ գնեցինք, մեր աղէտներու ախտը լաւ մսխեցինք։ Ազատեցանք արքունի ծառայութիւններէն, որ առանց մեղքի էր, եւ մտանք ստացուածքներու ենթակայութեան տակ, որ լի է անառակ ագահութեամբ։ Չելանք սուրբ հարսանիքի անկողիններ եւ մեզի համար աշխարհէն առաւել բարձր գահոյքներ պատրաստեցինք։ Կը փափկանանք յարմարաւէտ անկողիններու մէջ, եւ մեր մտքերը ամբողջ գիշեր կը թափառին աղտեղի խորհուրդներու մէջ։

Մեր ոտքերու կօշիկները կը հանդիմանեն մեզ, թէ սուրբ չեն մեր ճանապարհները։ Մեր հագուստները կ’աղաղակեն մեր գործերու մասին, թէ մերկ ենք երկնաւոր զգեստներէ։ Մեր երիվարները մեզի ցոյց կու տան, որ օդի վրայով մեր Տիրոջ ընդառաջ պիտի չյափշտակուինք։ Մեր ապարանքներն ու շինութիւնները յայտնի կը դարձնեն, որ երկնքի մէջ չունինք անձեռակերտ տաճար, ուր պիտի մտնեն երկրաւոր ախտերէ հեռացածներու բոլոր դասերը։ Մեր անդաստանները եւ կալուածները կը կշտամբեն մեզ, որ երկնաւոր ժառանգութեան մէջ մենք բաժին չուինինք։

Կերակուրներէն չյագեցող անարգներ եղանք եւ առանց չափի խմեցինք գինին, որ կը պղտորէ խորհուրդները եւ մտքերը։ Բոլորս խոր քունի մէջ ենք, եւ ճշմարտութիւնը մեզի երազ կը թուի։ Մեր մտքի աչքերը փակ են իմանալի խորհուրդներու առջեւ եւ անյագ ու պագշոտ՝ երբ աշխարհիկ կեանքին կը նայինք։ Մեր ականջները փակելով սուրբ ընթերցուածները լսելու դէմ՝ ունկնդիր ենք մեր խաշներու բառաչին։ Մեզի չհասաւ Սուրբ Հոգիին անուշ բուրմունքը, քանի որ աշխարհի՝ ախտերով լեցուած իւղը սիրեցինք։ Մեր հոգիին քիմքը չճաշակեց երկնային կերակուրը, որովհետեւ մեր անձերը պարարտացուցինք զանազան խորտիկներով։ Մութ է մեր դէմքի գոյնը, քանի որ մեր երեսները չզուարթացան սուրբ խորհուրդներէն։ Մեր մարմնի անդամները լի են ցաւերով, որովհետեւ մարմինէն առաջ մեր հոգի´ն հիւանդացուցինք։ Մեր անձերը նմանեցան ծեփուած գերեզմաններու, որովհետեւ ունայն ենք սուրբ շնորհքներէն։”

 








All the contents on this site are copyrighted ©.