2016-09-17 11:21:00

Ողորմութեան Ուրբաթ Օր Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց երկու բուժարաններ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ողորմութեան Սուրբ Տարուան ծիրէն ներս,  ուրբաթ, 17 սեպտեմբեր 2016-ին, Ֆրանչիսկոս Պապ անակնկալ այցելութիւն տուաւ Հռոմի մէջ գտնուող երկու հիւանդանոցներու՝ մին նորածին մանուկներու բուժարան, իսկ երկրորդ ՝ կեանքի վերջին հանգրուանի մէջ գտնուող դարման չունեցող  հիւանդներու յատուկ հիւանդանոց։

Մանուկներուն բուժարան ժամանումին , Ֆրանչիսկոս Պապ ողջունեց հոն գտնուող մանուկներու ծնողաց,  ինչպէս նաեւ հիւանդանոցի անձնակազմը։

Ֆրանչիսկոս Պապի Ողորմութեան Ուրբաթի ծիրէն ներս շնորհած այցելութեան մասին, Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց թէ Ֆրանչիսկոս Պապ սոյն այցելութիւններով ուզեց  զօրաւոր նշան մը տալ  կեանքի կարեւորութեան վերաբերեալ՝ կեանքի առաջին օրէն միչնչեւ բնական մահ։

Զոյգ կառոյցներուն այցելութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց, թէ ինչքան կարեւոր եւ անհրաժեշտ է մօտիկութիւն ցուցաբերել տկարներուն եւ տառապողներուն՝ լիուլի ապրելու համար Ողորմածութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.