2016-09-17 08:50:00

Միացեալ Նահանգներ $450.000 յատկացուցած է Մեղրիի Սբ Սարգիս եկեղեցւոյ պահպանութեան


ԱՄՆ դեսպան Ռիչըրտ Մ. Միլս Կրտսերը եւ ՀՀ մշակոյթի նախարարի պաշտօնակատար Յասմիկ Պօղոսեանը Սեպտեմբեր 16-ին ստորագրած են յուշագիր, որով պէտք է իրականացուի Մեղրիի Սուրբ Սարգիս միջնադարեան եկեղեցւոյ պահպանութիւնը, ինչպէս նաեւ իւրայատուկ եւ բացառիկ որմնանկարներու վերականգնման աշխատանքները, կը հաղորդէ panarmenian.net-ը:

«Մեր կողմէ տրամադրուող գումարները այն արժէքներու պահպանման համար են, որոնք անգին ժառանգութիւն են ոչ միայն տուեալ երկրի, այլեւ` ամբողջ մարդկութեան համար: Պահպանութեան, վերականգնման աշխատանքներու իրականացման համար ԱՄՆ պետական քարտուղարութիւնը կը յատկացնէ $450.000»,- նշած է դեսպան Միլսը:

Մեղրիի Սուրբ Սարգիս եկեղեցին 17-րդ դարու ինքնատիպ կառոյց է` Միջին Արեւելքի ու Կովկասի մէջ որմնանկարներու եզակիութեամբ առանձնացող:

Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանատունէն կը յայտնեն, որ ֆինանսաւորումը կ՛իրականացուի ԱՄՆ դեսպանի մշակութային արժէքներու պահպանութեան հիմնադրամի կողմէ (AFCP):

Սա 2005-էն սկսեալ 10-րդ եւ ամենամեծ դրամաշնորհային ծրագիրն է:

Քայուած Եռագոյնէն








All the contents on this site are copyrighted ©.