2016-09-17 13:54:00

Կիրակի 18 սեպտեմբեր 2016 Կիրակնօրեայ Աւետարանական ընթերցում Մարկ 10, 1-12


1 Կանգնելով` անկէ գնաց Հրէաստանի հողամասը, Յորդանանի միւս եզերքէն: Դարձեալ բազմութիւնները անոր շուրջ կը համախմբուէին, եւ ինչպէս սովորութիւն ունէր` դարձեալ կը սորվեցնէր անոնց:

2 Փարիսեցիները եկան անոր քով ու հարցուցին` փորձելու համար զայն. «Արտօնուա՞ծ է մարդու մը` որ արձակէ [իր] կինը»:

3 Ան ալ պատասխանեց անոնց. «Մովսէս ի՞նչ պատուիրեց ձեզի»:

4 Անոնք ըսին. «Մովսէս արտօնեց ամուսնալուծումի վկայագիր մը գրել եւ արձակել»:

5 Յիսուս պատասխանեց անոնց. «Ձեր սիրտին կարծրութեա՛ն համար գրեց ձեզի այդ պատուէրը.

6 բայց արարչութեան սկիզբէն` Աստուած զանոնք արու եւ էգ ստեղծեց:

7 “Այս պատճառով մարդը պիտի թողու հայրն ու մայրը, եւ պիտի յարի իր կնոջ,

8 ու երկուքը պիտի ըլլան մէ՛կ *մարմին”: Ուստի ա՛լ երկու չեն, հապա` մէկ մարմին.

9 ուրեմն մարդը թող չզատէ ինչ որ Աստուած իրարու միացուցած է»:

10 Տունը` իր աշակերտները դարձեալ նոյն բանը հարցուցին իրեն:

11 Ըսաւ անոնց. «Ո՛վ որ արձակէ իր կինը եւ ամուսնանայ ուրիշի մը հետ` շնութիւն կ'ընէ անոր դէմ:

12 Ու եթէ կին մը արձակէ իր ամուսինը եւ ամուսնանայ ուրիշի մը հետ` շնութիւն կ'ընէ»:

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.