2016-09-17 13:27:00

Երանելի կը հռչակուի Աստուծոյ աղախին Իտալացի Էլիզապեթթա Սաննա


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 17 սեպտեմբեր 2016-ին, երանելիներուն շարքին կը դասուի Աստուծոյ աղախին՝ Էլիզապեթթա Սաննա։ Երանացման արարողութիւնը կը կատարէ Ֆրանչիսկոս Պապի ներկայացուցիչ, Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ՝կարդինալ Անճելօ Ամաթոն, Սուրբ Պատարագի զոհի մատուցմամբ, զոր տեղի կ՝ունենայ Իտալիոյ Քոտրոնճիանոս անուան, Աստուծոյ աղախին Էլիզապեթթայի ծննդավայրին մէջ։

Էլիզապեթթա Սաննա ծնած է Իտալիոյ Սասսարի մարզի Քոտրոնճիանոս գիւղաքաղաքին մէջ ՝ 23 ապրիլ 1788-ին։ Ան աշխարհ գալէն երեք ամիս վերջ կորսնցուցած է իր երկու բազուկներու վեր բարձրացնելու կարողութիւնը ։

  

Ամուսնացած ապա այրի մնացած Էլիզապեթթա Սաննա տէր կանգնած   հինգ զաւակներու։  Ան՝ այրի մնալէ ետք,  ողջախոհութեան ուխտ կատարած է եւ եղած է հոգեւոր մայր իր ապրած շրջանի բոլոր  աղջիկներուն ու կիներուն համար։

1831-ին,   ուխտագնացութեամբ Սուրբ երկիր նաւակով ճամբորդութիւն կատարելու ժամանակ, կանգ առած է Հռոմ քաղաք՝ Ֆիզիքական ծանր հիւանդութեան  պատճառաւ։

Հռոմ քաղաքին մէջ իր կեանքը ապրած է աղօթքով եւ ծոմապահութեամբ ինչպէս նաեւ աղքատներու եւ հիւանդներու ծառայութեամբ։ ։

Անոր բնակարանը դարձած է զօրաւոր հաւատքի եւ եղբայրասիրութեան սրբավայր։ Իր հոգին աւանդած է Հռոմի մէջ 17 փետրուար 1857-ին , եւ իր մարմինը թաղուած է Սուրբ Փրկիչ անուան եկեղեցւոյ մէջ։

Սրբադասման դատէն    մէկ ու կէս դար վերջ,  ան երանելի կը   հռչակուի 17 սեպտեմբեր 2016ին, Քոտրոնճիանոս գիւղաքաղաքի՝ Սուրբ Երրորդութեան տաճարին մէջ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.