2016-09-16 13:05:00

Քաղդէացի եպիսկոպոսներու եւ քահանաներու հոգեւոր կրթութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 19-22 սեպտեմբեր 2016-ին Պապիլոնի պատրիարքութեան Քաղդէացի եպիսկոպոսներն ու քահանաները Իրաքի Էրպիլ քաղաքին մէջ պիտի մասնակցին իրենց տարեկան հոգեւոր կրթութեան որուն գլխաւոր նիւթն է ''Քահանայ` աստուածային ողորմութեան պատգամաբեր''։ Սոյն Հոգեւոր կրթութիւնը կը կանխէ Քաղդէացի եկեղեցւոյ եպիսկոպոսական ժողովը որ նախատեսուած է միշտ Էրպիլ քաղաքին մէջ եւ որ տեղի պիտի ունենայ

22 – 29 սեպտեմբեր 2016-ին, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Քաղդէացի եկեղեցւոյ եպիսկոպոսները եւ որուն ընթացքին պիտի քննարկուին եկեղեցւոյ կեանքին հայող բազմաթիւ հարցեր, որոնց շարքին նաեւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու գաղթը, Քաղդէացի նահատակներու երանացումը, Նինվէի քաղաքական ու վարչական ապագայի հարցը։








All the contents on this site are copyrighted ©.