2016-09-15 12:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ինքնագիր նամակը Եկեղեցական Կանոնագրի փոփոխութիւններու վերաբերեալ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նոր Ինքնագիր մը հրապարակած է որով  քանի մը փոփոխութիւններ ներմուծած է Լատին Եկեղեցւոյ Կանոնագրքին մէջ՝ Լատին եւ Արեւելեան Կաթողիկէ Եկեղեցիներու կանոնագրքերուն միջեւ յաւելեալ ներդաշնակութեան մը հասնելու նպատակով։

Սրբազան Քահանայապետը նկատի կʼառնէ ներկայիս՝ արեւելածէս կաթողիկէ հաւատացեալներու մեծաթիւ ներկայութիւնը լատին թեմերու մէջ։

Այս նոր իրավիճակը՝ հովիւներու դիմաց կը յարուցանէ իրաւական նոր հարցեր։ Ըստ կանոնագրքերու՝ հաւատացեալներուն պէտք է մատուցուի հովուական ծառայութիւնը, ուր ալ գտնուին անոնք, միշտ նկատի առնելով իւրաքանչիւր Եկեղեցւոյ իւրայատկութիւնները եւ մասնական իրաւունքը։

Այս Ինքնագիրով, Ֆրանչիսկոս Պապ, 11 յօդուածներու մէջ կը կատարէ որոշ ճշդումներ եւ փոփոխութիւններ Լատին Կանոնագրքի տաս կանոններու (111, 112, 535, 868, 1108, 1109, 1111, 1112, 1116, 1127), որոնք կը հային հաւատացեալներու պատկանելիութեան՝ ըստ իւրաքանչիւրի ստացած մկրտութեան, պատկանելիութեան փոփոխութեան, զաւակներու կաթողիկէ դաստիարակութեան, սուրբ Պսակի խորհուրդի մատակարարման՝ սարկաւագներու ձեռքով, եւ լատին ու արեւելածէս խառն ամուսնութիւններու։ Ինքնագիրը, որ վաւերացուած էր տարւոյս մայիս 1ին, ի զօրու է՝ բնագիրի պաշտօնական հրապարակումով։








All the contents on this site are copyrighted ©.