2016-09-15 13:04:00

Ողորմութեան Սուրբ տարուան ծիրէն ներս Քահանայապետական ներկայացուցիչներու հանդիպում։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 15 սեպտեմբերին, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ տեղեկացուց, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանյաապետին խնդրանքով, Ողորմութեան Սուրբ տարուան ծիրէն ներս կայացած՝  Քահանայապետական ներկայացուցիչներուն հանդիպումի յայտագիրը, որ  ընթացք առաւ այսօր՝  15  սեպտեմբերին եւ վերջ կը գտնէ  յառաջիկայ 17 սեպտեմբերին։
Հինգշաբթի, 15 սեպտեմբերին, առաւօտեան ժամը 8,00-ին, 108 Պապական Նուիրակներ, Սուրբ Պետրոս Տաճարի Քորօ անուան մատրան  մէջ,  մասնակցեցան Սուրբ Պատարագի զոհին, որուն  նախագահեց Վատիկանի Պետական Քարտուղար՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին։
Սուրբ Պատարագի զոհէն ետք, Պօղոս Զ. անուան դահլիճին մէջ կը կատարուին երկու դասախօսութիւններ, ունենալով  որպէս խորագիր. առաջին՝ ՝՝Աշխարհը այսօր, Եկեղեցին այսօր՝՝։ ՝՝Երկրորդ Ծննդոց եւ ինչպէս դիմագրաւել սեռային գաղափարախօսութիւն "gender" ըսուած մշակոյթը՝՝։
Քահանայապետական ներկայացուցիչներուն հանդիպումի առաջին օրը կ՝եզրափակուի երեկոյեան՝ ընթրիքով,  ներկայութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապին։

Ուրբաթ 16 սեպտեմբերին, տեղի կ՝ունենայ աշխատանքային հանդիպում, Վատիկանի Պետական քարտուղարութեան մեծաւորներուն հետ, որուն ծիրէն ներս, Միջ-կրօնական  Երկխօսութեան Քահանայապետական խորհուրդի նախագահ՝ Կարդինալ Ժան Լուիս Թոռան կը կատարէ այլ դասախօսութիւն մը՝՝՝միջ-կրօնական երկխօսութիւն,  մահմետականներուն հետ յարաբերութիւն՝՝ խորագիրով։  

Շաբաթ, 17 սեպտեմբերին,    Վատիկանի Տոմուս Աանթա Մարթայի մատրան մէջ Քահանայապետական ներկայացուցիչները համապատարագ կը մատուցանեն ՖրանչիսկոսՊապի նախագահութեամբ, որմէ ետք տեղի  կ՝ունենայ հոգեւոր խորհրդածութիւն, կատարողութեամբ Քահանայապետական ՅՊԲ հաստատութեան սուրբ Պսակի եւ ընտանիքի բաժանմունքին Տեսուչ գերապայծառ Փիերանճելօ Սեքուերին։

Խորհրդածութեան աւարտին, առաւօտեան ժամը 10,00-ին Քահանայապետական ներկայացուցիչները կ՝անցնին Սուրբ Պետրոսի տաճարի սուրբ  դուռէն, ապա ժամը 11,15-ին,Առաքելական Քլեմենթինա անուան դահլիճին մէջ հանդիպում կ՝ունենան Ֆրանչիսկոս պապի հետ։
Հանդիպումը վերջ կը գտնէ կէսօրէ ետք ժամը 1,00-ին,Սանթա Մարթայի մէջ,  եղբայրական ագապով մը, որուն ներկայ կը գտնուի ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.