2016-09-15 09:36:00

Հայաստան ստացած է ՆԱԹՕ-ի հեռավար ուսուցման Ֆորումի մրցանակը


Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան աշխատանքային խումբը արժանացած է ՆԱԹՕ-ի Հեռավար ուսուցման ֆորումի առաջին մրցանակին, կը հաղորդէ «Մեդիամաքս»-ը:

Խումբը` ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ գործող «Գործընկերութիւն յանուն խաղաղութեան» ծրագրի տեղեկատուական կառավարման համակարգի եւ «Կլոպըլնեթ» ծրագրի համակարգող Դաւիթ Ղազարեանի գլխաւորութեամբ ներկայացուցած է հեռավար ուսուցման բնագաւառի իր մշակումները ԱՄՆ-ի Վըրճինիոյ ձեւաւորման կեդրոնին (modeling and simulation center) մէջ:

ՆԱԹՕ-ի Հեռավար ուսուցման ֆորումի ծիրէն ներս իրականացուած Հեռավար ուսուցման դասընթացներու մրցոյթ-ցուցադրութեան ներկայացուած ՀՀ զինուած ուժերու անձնակազմի համար մշակուած հեռավար ուսուցման դասընթացքի ծրագիրը նուաճած է առաջին մրցանակը:

Մրցոյթ-ցուցադրութեան մասնակցած են ԱՄՆ-ն, Ֆինլանտիան, Թուրքիան, ՆԱԹՕ-ի պաշտպանական քոլեճը եւ դաշինքի այլ կառոյցներ:

Միջազգային մրցոյթին լաւագոյնը ճանչցուած հեռավար ուսուցման դասընթացքի ծրագիրը արդէն ներդրուած է ՀՀ ԶՈՒ անձնակազմի կրթական եւ ուսումնական ծրագիրներուն մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.