2016-09-14 09:57:00

Պատրիարք Սաքօ. Մենք եւս Թիֆլիս կը մեկնինք ընդունելու համար Ֆրանչիսկոս Պապը։


(Ռատիօ Վատիկան) Քաղդէացի Եկեղեցւոյ Պատրիարք` Լուիս Ռաֆայել Սաքօ, Ֆիտես լրատու գործակալութեան հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է թէ իրենք եւս Թիֆլիս պիտի մեկնին ընդունելու համար Ֆրանչիսկոս Պապը։ ''Եպիսկոպոսական սիւնհոդոսէն ետք առ նուազն 13 քաղդէացի եպիսկոպոսներ ներկայ պիտի գտնուին Ֆրանչիսկոս Պապին Վրաստանի Քաղդէացի համայնքին հետ ունենալիք հանդիպումին'' յայտնած է Պատրիարքը ու աւելցուցած ''մեզի համար Ս. Պետրոսի յաջորդին հետ հանդիպումը պիտի հանդիսանայ զօրեղ պահ մը` վերահաստատուելու համար հաւատքի մէջ, այն յոյսով եւ վճռակամութեամբ` շարունակել ապրիլ մեր նահատակ երկրի հողերուն վրայ''։

Ֆրանչիսկոս Պապին վրաստան կատարած առաքելական այցելութեան ծիրէն ներս, ուրբաթ 30 սեպտեմբերի յետմիջօրէին. Քաղդէացիներու Սուրբ Սիմէոնի անուան եկեղեցւոյ մէջ նախատեսուած է Քաղդէացի հաւատացեալներու հետ հանդիպում մը։ Պատրիարք Սաքոյի  գնահատումով Վրաստանի մէջ կ՛ապրին շուրջ 10 հազար քաղդէացի հաւատացեալներ։

''Քահանայապետը մեր մօտ չի կրնար գալ ողբալից ու տագնապալից կացութեան պատճառաւ, որուն մէջ կը գտնուի մեր երկիրը, ուրեմն մենք կ՛երթանք անոր մօտ'' յայտնած է միշտ Քաղդէացիներու Պատրիարքը։

Նախ քան Թիֆլիս մեկնում, Քաղդէացի եպիսկոպոսները 21 – 29 սեպտեմբեր 2016-ին Էրպիլի մէջ կը մասնակցին Քաղդէացի եկեղեցւոյ եպիսկոպոսական ժողովին որուն ընթացքին պիտի քննարկուին եկեղեցւոյ կեանքին հայող բազմաթիւ հարցեր, որոնց շարքին նաեւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու գաղթը, Քաղդէացի նահատակներու երանացումը, Նինվէի քաղաքական ու վարչական ապագայի հարցը։

Եպիսկոպոսական սիւնհոդոսը սկիզբ պիտի առնէ Հոգեւոր Կրթութեամբ որուն հրաւիրուած են մասնակցելու նաեւ Քաղդէացի քահանաներ ու կղերականներ եւ որուն գլխաւոր նիւթը պիտի ըլլայ Ողորմութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.