2016-09-14 14:44:00

Մամլոյ Ասուլիս. Ինը կարդինալներու խորհուրդի 16-րդ Ժողովը։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի` 14 սեպտեմբերի կէսօրին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը Տիար Կրէկ Պուրքը, հանդէս գալով մամլոյ ասուլիսի ընթացքին խօսեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Ինը Կարդինալներու խորհուրդին հետ ունեցած եռօրեայ ժողովներուն մասին որոնք սկիզբ առին երկուշաբթի 12 սեպտեմբերին ու վերջ կը գտնեն այսօր` չորեքշաբթի 14 սեպտեմբերի երեկոյեան։

Ժողովները ամէն օր տեղի կ՛ունենային առաւօտեան 9 – 12,30 իսկ յետմիջօրէին 16,30-19։ Սրբազան Քահանայապետը չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան  պատճառաւ բացակայ էր 14 սեպտեմբերի առաւօտեան ժողովէն։

Նիստերու մեծ մասը նուիրուեցան Քուրիայի զանազան բաժանմունքներուն ու անոնց եկեղեցւոյ ծառայութեան առաքելութեան բարեկարգումներուն։ Յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ Կղերի, Եպիսկոպոսներուն, Կաթողիկէ դաստիարակութեան ժողովներու ու քրիստոնեաներու միութեան զարգացումի խորհուրդի գործունէութիւններուն։

Կարդինալ Մարք Ուելլեն` եպիսկոպոսներու ժողովի կառավարիչը ներկայացուց ժողովին գործունէութեան գործընթացքը որուն ծիրէն ներս ժողովականները խորհրդածեցին Եպիսկոպոսներու դերին մասին ու անոր հոգեւոր եւ հովուական դիմագիծի մասին, այսօրուայ աշխարհի մէջ։ Ժողովականները ապա քննարկեցին Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական ծառայութեան նիւթը` ինչպէս նաեւ պապական նուիրակներու կազմաւորումին ու անոնց պարտականութեան հարցերը։

Կարդինալները ապա քննարկեցին վատիկանի բարեկարգումի աշխատանքներու գործընթացը։

Կարդինալական խորհուրդի յառաջիկայ ժողովը տեղի պիտի ունենայ 12,13 եւ 14 դեկտեմբեր 2016-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.