2016-09-14 11:38:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


''Չհասկցայ''

Հասկցողներով եւ չհասկցողներով լեցուն է այս աշխարհը՝ նայած այդ երկու խումբերէն մէկուն ու միւսին կազմաւորման, մտաւոր եւ հոգեւոր պատրաստութեան եղանակին, անցեալին թէ ներկայիս ունեցած առիթներուն, անոնց համար օգտագործուած միջոցներուն կամ ծախսուած դրամին, նիւթական թէ ներկայի այլ հնարաւորութիւններուն ու կարելիութիւններուն:

Շատ պարզ է, որ մեր ըսածը լսողներէն ոմանք պիտի հասկնան զայն, իսկ ուրիշներ՝ ո՛չ: Ամէն մարդէ կարելի չէ՛ սպասել նոյնքան պատրաստուածութիւն, գիտակցութիւն, իմացական կարողութիւն, կամ նոյնիսկ՝ շնորհք…
Տարբեր լեզուներ ունին որոշ բառեր աւելի շեշտուած իմաստային տարբերակներով օգտագործելու առաձգականութիւնը: Ատոր համար օգտագործուող կարեւորագոյն միջոցներէն մէկը ձայնային շեշտն է, որ պէտք է ընկերանայ այդ բառի արտաբերման միջոցին։
– Չհասկցա՛յ:
Միամտօրէն չհասկնալու պարագային, այս բառը «անմեղ» իմաստ կը զգենու: Սակայն, երբ ենթական այդ բառին կու տայ յաւելեալ շեշտ եւ ձայնային գունաւորում, նոյն բառը այս անգամ իր դիմացը գտնուող անձը վարկաբեկելու իմաստ կը ստանայ, այնպէս որ ատիկա կը դադրի «անմեղ» արտայայտութիւն մը ըլլալէ ու կը վերածուի յարձակողապաշտ նենգամիտ արարքի:
– Չհասկցա՛յ,- կ՛ըսէր մէկը, իրեն հետ այնքան յստակ խօսող եւ իր մտքերը շա՜տ լաւ բանաձեւելու կարողութեան տէր անձի մը, պարզապէս՝ չընդունելու համար անոր արտայայտած տեսակէտները: Սա՝ բանաւոր խօսքի պարագային: Դեռ կայ գրաւորը, որուն պարագային եւս կրնայ անձ մը արտայայտել միեւնոյն կեցուածքը:
Օրինակ, եթէ չուզէ ընդունիլ ուրիշի տեսակէտը տուեալ հարցին գծով, գրաւոր կը պատասխանէ անոր՝ հազար ու մէկ պատճառաբանութիւններ զեղչելով ու պարզապէս ըսելով, թէ չէ՛ հասկցած անոր արտայայտած գաղափարները:
Ոմանց համար կրնայ «երկար ճամբուն կարճը» ըլլալ այս ձեւը, սակայն ամէն մարդ իրաւունք ունի բացատրութիւն պահանջելու, թէ ինչո՞ւ այդ կեցուածքը որդեգրուեցաւ իր անձին նկատմամբ: Ի՞նչն էր այն գլխաւոր պատճառը, որուն հետեւանքով «չհասկցուեցաւ» ինք՝ իր մտածումներով կամ նոյնիսկ գործերով:

Դեռ, ծաղրական արտայայտութեան ալ կրնայ վերածուիլ «չհասկցայ» բառը, երբ ատոր ճամբով մեր դէմը եղողին պարտադրենք անգամ մը եւս կրկնել իր արդէն իսկ ըսած խօսքը:

«Չհասկցայ» բառին տուն տուող գլխաւոր պատճառներէն մէկը նախանձն է: Այն անձը, որ շատ «չի՛ հասկնար», անպայման տգէտ մը չէ, ո՛չ ալ կրթութեան պակասի հետեւանքով է որ շատ «չի՛ հասկնար», այլ անոր մօտ կայ դժբախտ ուրիշ երեւոյթ մը, որ կ՛արգիլէ իրեն հասկնալ այն, ինչ կը լսէ: Նախանձով լեցուն անձ մը, եթէ յիշողութեան այնքան մեծ կարողութիւն ունի ու բնաւ չի՛ մոռնար զինք գերազանցողներու դրական արարքները՝ տարբեր տարիներու գործուած, ապա ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ սովորական նախադասութիւն մը «չհասկնայ»: Նախանձէն ծնող ոխը եւս արգելք կը հանդիսանայ «հասկնալ»ուն: Իսկապէս, նախանձներուն «չհասկցած»ը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ՝ մարդոց յաջողութիւնները, որոնք անոնց կարողութեամբ կը գոյանան ու կը պսակադրեն յաջողակը: Այսպէս, նախանձէն կը ծնի ոխը, որուն ճամբան երկար է, չըսելու համար՝ յաւիտեան:
Վերոյիշեալ թակարդին՝ նախանձի ու ոխի պինդ աքցանին մէջ, շատ դիւրաւ կը բռնուին յատկապէս գաւառացիներ, որոնք իրենց ծննդեան օրէն շատ քիչ ճոխութիւն տեսած ըլլալով ու բնականաբար համեստ ապրած ըլլալով՝ շուտով կը տարուին շատը ունենալու անյագ ցանկութեամբ: Դժբախտաբար, դէպի իրենց ապագան ուղիղ նայուածք չեն ունենար անոնք, այլ շրջապատին նայելով ու բաղդատականներ ընելով՝ կ՛ուզեն յառաջդիմել, ինչի ընթացքին, անշուշտ, կ՛երեւի նախանձը՝ իր տարբեր գունաւորումներով ու այլակերպութիւններով: Ապագայի նշանակէտը իբրեւ հեռանկար ընտրելու փոխարէն, անոնք իրենցմէ աւելի լաւերը կ՛ընտրեն իբրեւ թիրախ ու զանոնք հարուածելով՝ ժամավաճառ կ՛ըլլան պարզապէս::
Կեանքի ներկայ պայմաններու լոյսին տակ, հակառակ կրթութեան ու լուսաւորութեան այս դարուն, նոյնիսկ համալասարանաւարտներու շարքերուն մէջ շատ պիտի հանդիպինք «չհասկցող»ներու: Անոնց «չհասկնալ»ուն կարեւորութիւն տալ՝ կը նշանակէ տգիտութիւն տարածել: Ուստի, մերժելու համար խաւարն ու անգիտութիւնը, պէտք է մեր «հասկցած»ին համապատասխան գործենք՝ անոնց ըսելով.
– Եթէ դուն չե՛ս հասկնար, ես ըսածս կը հասկնամ:








All the contents on this site are copyrighted ©.