2016-09-14 11:42:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 14 սեպտեմբերի հրապարակային ունկնդրութիւնը


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 14 սեպտեմբեր 2016-ի առաւօտեան ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը  հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն ու շարունակելով ողորմութեան մասին իր խորհրդածութիւնները, մեկնաբանեց Մատթէոսի աւետարանէն քաղուած մէկ հատուածը որուն մէջ Յիսուս կ՛արտայայտուի եզակի քնքշութեամբ որպէս նշան Աստուծոյ բարութեան։

Յիսուս արդարեւ կ՛ըսէ ''Եկէք ինծի, դուք ամէնքդ, որ յոգնած կը հեծէք բեռին ծանրութեան տակ, ու ես ձեզի հանգիստ պիտի տամ''...սորվեցէք ինձմէ որ սրտով հեզ եմ ու խոնարհ ու պիտի գտնէք հանգիստը ձեր հոգիներուն''։ Յիսուսի այս հրաւէրը զարմանալի է, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, ան իրեն կը կոչէ պարզ անձինք որոնք դժուար կեանք կ՛ապրին, անոնց խոստանալով հանգիստ ու մխիթարութիւն Իր մէջ։ 

Եկէք ինծի։ Յոգնած ու բեռերու ծանրութեան տակ հեծուած անձերուն, Յիսուս կը ներկայանայ որպէս Տիրոջ ծառան ու Անոր հրաւէրին մէջ անոնք կը գտնեն իրենց կեանքի հարցումներու պատասխանը։ Ամէն անոնք որ Յիսուսի աշակերտներ կը դառնան­, Յիսուս անոնց կը խոստանայ հանգիստ։ Այս Յոբելենական տարւոյն ընթացքին եւս երբ ուխտաւորները կ՛անցնին սուրբ դռնէն կ՛ուզեն հանդիպիլ Յիսուսին, այնտեղ գտնելու համար հանգիստ, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ այդ ճանապարհորդութիւնը կը պահանջէ ապաշխարութիւն եւ թէ ապաշխարութեան ընդմէջէն կը վերագտնենք Տիրոջ ողորմութիւնը։ Ողորմութիւն մը որ անսահման ու անյապաղ է, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ապա ակնարկեց Յիսուսին երկրորդ հրաւէրին ''Առէք իմ բեռս'' հաստատելով թէ միայն Յիսուսի միջոցաւ կարելի է հասկնալ Աստուծոյ կամքը ու թէ Յիսուսի բեռը վերցնելով ամէն մէկ աշակերտ Աստուծոյ հետ հաղորդութեան մէջ կը մտնէ ու կը դառնայ մաս խաչի խորհուրդին ու փրկութեան ճակատագրին։

Յիսուսին երրորդ հրաւէրն է` ինձմէ սորվեցէք։ Յիսուս վարդապետ մը չէ որ իր աշակերտներուն կը ստիպէ բերեր վերցնել որ ինք չի շալկէր։ Ան խօսքը կ՛ուղղէ հեզերուն, մանուկներուն, աղքատներուն, կարիքաւորներուն, որովհետեւ ինք եւս դարձաւ փոքրիկ ու հեզ։ Կը հասկնայ աղքատներն ու տառապողները որովհետեւ ինք եւս ճանչցաւ աղքատութիւնն ու ցաւը. Մարդկութիւնը ազատելու համար Յիսուս դիւրին ճամբայ չ՛ընտրեց, ընդհակառակը, անոր ճանապարհորդութիւնը եղաւ դժուար ու ցաւալի, ''ինքզինք խոնարհեցուց հպատակելով մահուան ու մահ խաչին վրայ''։ Ան իր ուսերուն վրայ առաւ համայն մարդկութեան ցաւերն ու մեղքերը եւ ասոր համար Յիսուսի աշակերտին համար ընդունիլ անոր բեռը կը նշանակէ ընդունիլ անոր յայտնութիւնը որուն մէջ Աստուծոյ ողորմութիւնը ընդգրկեց  ցաւն ու աղքատութիւնը­, բոլոր մարդոց շնորհելով փրկութեան կարելիութիւնը։

Յիսուս մեզի կը սորվեցնէ առանց վախի իրեն հետեւելու որովհետեւ յոյսը որ իր վրան կը դնենք յուսախաբ չի թողուր։ Կանչուած ենք առ այդ անորմէ սորվելու թէ ի՞նչ կը նշանակէ ապրիլ ողորմութիւնը­, դառնալու համար ողորմութեան գործիքներ։ Մեր հայեացքը ուղղենք Աստուծոյ Որդիին ու հասկնանք որքան ճանապարհ կայ տակաւին կտրելիք ու միեւնոյն ատեն գիտակցինք թէ միայնակ չենք­, ու թէ Անոր հետ կը քալենք։

Քաջութիւն, ըսաւ հուսկ Սրբազան Քահանայապետը խորհրդածութեան աւարտին, քաջութիւն, թոյլ չտանք որ մեզմէ խլեն Տիրոջ աշակերտներ ըլլալու ուրախութիւնը։ Թոյլ չտանք որ մեզմէ խլեն յոյսը ապրելու այս կեանքը Անոր հետ ու անոր մխիթարական ուժին հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.