2016-09-13 11:46:00

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը ''Յաղթահարել անտարբերութիւնը, կառուցել հանդիպման մշակոյթ''։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Աշխատինք կառուցելու համար հանդիպումի իսկական մշակոյթ մը որ յաղթահարէ անտարբերութեան մշակոյթը''։ Այս եղաւ կոչը զոր յղեց Ֆրանչիսկոս Պապը այսօր` երեքշաբթի 13 սեպտեմբերի առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, շեշտը դնելով Աստուծոյ եւ ժողովուրդին միջեւ հանդիպումին վրայ եւ զգուշացնելով այն գէշ սովորութիւններէն որոնք մեզ կը ցրուեն։

''Աստուծոյ խօսքը այսօր մեզի խորհրդածել կու տայ հանդիպումի մը մասին, թէեւ յաճախ մարդիկ իրարու կը հանդիպին սակայն իրար չեն ճանչնար եւ ամէն մին միայն ինքնիրեն կը մտածէ։ Կը նայի բայց չի տեսներ ու կը լսէ սակայն մտիկ չ՛ընէր'' ըսաւ Նորին Սրբութիւնը քարոզին սկիզբը դիտել տալով թէ ''հանդիպումը ուրիշ բան է, եւ այսօրուայ Աւետարանը զայն մեզի կը ներկայացնէ որպէս հանդիպում կնոջ մը եւ այր մարդու միջեւ, միակ ողջ զաւկի մը, ու միակ մեռած զաւկի մը միջեւ, ուրախ ամբոխի մը` որ Յիսուսին հանդիպեցաւ ու անոր կը հետեւէր եւ այլ խումբի մը որ ողբի մէջ էր ու կ՛ընկերանար այդ կնոջ որ դուրս կու գար քաղաքէն…եւ ահա թէ ''Տէրը գթութենէ կը շարժի, կը մօտենայ այդ կնոջ ու հրաշք կը գործէ''։ Ահա այս է հանդիպումի մը պտղաբերութիւնը - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ ''ամէն մէկ հանդիպում պտղաբեր ըլլալու է''։

Մենք վարժ ենք անտարբերութեան մշակոյթին ու պէտք է աշխատինք ու շնորհքը խնդրենք ստեղծելու հանդիպումի մշակոյթ մը,  հանդիպում մը որ ըլլայ պտղաբեր ու ամէն մէկ անհատի վերադարձնէ Աստուծոյ զաւկի իր արժանաւորութիւնը''։

Բաւարար չէ նայիլ ոչ, ըսաւ Սրբազան Պապը։ Եթէ ես նայիմ առանց կանգ առնելու, առանց դպչելու, առանց խօսելու, կարող չեմ հանդիպիլ ու չեմ կրնար սատարել հանդիպումի մշակոյթին։

Ամէնքս կարիքն ունինք Յիսուսի հետ հանդիպումին, շեշտեց Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկելով թէ  շատ անգամ նոյնիսկ ընտանիքին մէջ, ընթրիքի պահուն, հեռատեսիլին կը նայինք կամ հեռաձայնով կը զբաղինք ու մէկը միւսին նկատմամբ անտարբեր կը մնանք։

''Թող որ այսօրուայ խորհրդածութիւնը մեզի օգնէ աշխատելու հանդիպումի մշակոյթին ի սպաս, այնպէս ինչպէս ըրաւ Յիսուս։ Ոչ միայն տեսնել այլ նայիլ, ոչ միայն լսել այլ ունկնդրել, ոչ միայն պատահաբար հանդիպիլ այլ կանգ առնել։ Ոչ միայն խղճալ եւ ըսել ''խեղճ մարդիկ'' այլ գթութիւն ցուցաբերել։ Ապա մօտենալ դպչիլ ու խօսիլ սրտի լեզուով եւ ըսել ''մի լար'' կաթիլ մը կեանք պարգեւելով։








All the contents on this site are copyrighted ©.