2016-09-13 10:07:00

Պենետիկտոս ԺԶ Պապի հարցազրոյց - գիրքի ներկայացում։


(Ռատիօ Վատիկան) Վերջերս լոյս տեսաւ Պենետիկտոս ԺԶ. վաստակաւոր Պապի հետ կատարուած հարցազրոյց-գիրքը։ Թղթակիցը, Փեթեր Զէվալտ, գրքի ներկայացման ժամանակ, Միւնխէն քաղաքին մէջ, ըսած է, թէ հարցազրոյցը նախապէս ծրագրուած էր Պենետիկտոս Պապի կենսագրութեան հրապարակման համար։ Սակայն համաձայնութեամբ Պենետիկտոս ԺԶի եւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի, ցարդ կատարուած հարցազրոյցը հրատարակուած է, որպէսզի Վաստակաւոր Քահանայապետի   հրաժարման եւ այլ հարցերու շուրջ գոյութիւն ունեցող նախապաշարումներն ու վարկածները կասեցուին։

Գրքի ներկայացման ներկայ գտնուած է նաեւ Սրբազան Քահանայապետի քարտուղար՝ Արքեպիսկոպոս Կէորկ Կէյնզվէյն։ Կէյնզվէյն նկատած է թէ Պենետիկտոս ԺԶ. «բաւականին ինքնաքննադատական կեցուածք կը ցուցաբերէ, կը խօսի իր միամտութեան մասին, եւ խանդավառուած է Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ. քահանայապետի կերպարով։» Արքեպիսկոպոսը անդրադառնալով Պենետիկտոս Պապի առողջական վիճակին, ըսած է, թէ անոր «վերնատունը» լաւ վիճակի մէջ է, սակայն քալելու դժուարութիւն ունի։








All the contents on this site are copyrighted ©.