2016-09-12 08:30:00

Հարաւային Քորէա կը սպառնայ ''գետնին հաւասարեցնել'' Փիոնկիանկը


Անցեալ ուրբաթ 9 սեպտեմբերին Հիւսիսային Քորէայի կատարած 5-րդ եւ պատմութեան մէջ մեծագոյն հիւլէական ստորերկրեայ փորձարկումէն ետք երկու քորէաներուն միջեւ լարուածութիւնը բարձրացած է:

Մինչ միջազգային ընտանիքը իր հակազդեցութիւնը կը սերտէ, «Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ ըստ Սէուլէն հասած տեղեկատուութիւններուն Հարաւային Քորէա կը ծրագրէ բնաջնջել Հիւսիսային Քորէայի մայրաքաղաքը, եթէ վերջինս հիւլէական ռումբով յարձակում մը գործելու նշաններ ցոյց տայ:

Հարաւային քորէական զինուորական աղբիւր մը «Եոնհափ» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Փիոնկիանկի բոլոր մասերը «ամբողջովին պիտի քանդուին հեռահար հրթիռներով եւ մեծ պայթում յառաջացնող ռումբերով»:

«Եոնհափ» հարաւային քորէական կառավարութեան մօտիկ է եւ ունի պետական ֆինանսաւորում:

Փիոնկիանկ երէկ Սէուլի կողմէ հնչած սպառնալիքները կոչեց «անիմաստ պատժամիջոցներ… խիստ ծիծաղելի»:

Հարաւային քորէացի զինուորական պաշտօնատարը «Եոնհափ»-ին յայտնեց, որ որեւէ յարձակումի պարագային մասնաւորաբար թիրախ պիտի դառնան Փիոնկիանկի այն շրջանները, ուր կը գտնուին Հիւսիսային Քորէայի ղեկավարները` աւելցնելով, որ քաղաքը «գետնին պիտի հաւասարեցուի եւ քարտէսէն ջնջուի»:

Միացեալ Նահանգներ կը յայտնեն, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի, Ճափոնի եւ Հարաւային Քորէայի կողմէ Հիւսիսային Քորէայի դէմ հաստատուած պատժամիջոցներուն կողքին կը մտածէ հաստատել իր սեփական պատժամիջոցները:








All the contents on this site are copyrighted ©.